Պոլսոյ Մէջ Դարձեալ Ցուցարարներու Եւ Ոստիկաններու Միջեւ Բախում

Պոլսոյ մէջ դարձեալ բախում տեղի ունեցած է բողոքի շարժումի մասնակիցներու եւ ոստիկաններու միջեւ: Չորեքշաբթի գիշեր ցուցարարները դարձեալ հաւաքուած են Թաքսիմ հրապարակին վրայ, որպէսզի բողոքեն 14 տարեկան պատանի Պերքին Էլվանի դէմ ոստիկանութեան ցուցաբերած բռնութեան դէմ, որուն պատճառով վերջինս արդէն 46 օրէ ի վեր կը գտնուի մահաքունի մէջ:

Ոստիկանները յարձակած են ցուցարարներուն վրայ, երբ էլվանի ընտանիքը սկսած է մամլոյ ասուլիս տալ:

«Արմենփրես»` վկայակոչելով թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ ցոյցը վերածուած է զանգուածային անկարգութիւններու: Ցուցարարները ցրուելու համար ոստիկանները ջրաշիթ մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազ օգտագործած են:

Անկարգութիւններու ընթացքին գլխէն վիրաւորուած է անչափահաս մը: Այլ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններ չկան: Կը նշուի, որ ոստիկաններու յարձակումէն ետք, դարձեալ հաւաքուած խումբին վրայ ոստիկանութիւնը երկրորդ յարձակում մը գործած է, որմէ ետք ցուցարարները հրապարակէն փախած են դէպի մօտակայ փողոցները:

Զանգուածային բողոքի ցոյցերը Թուրքիոյ մէջ սկսած են 31 մայիսին: Սկիզբը անոնց մասնակիցները կը բողոքէին առեւտրական կեդրոն կառուցելու նպատակով Թաքսիմի Կեզի հանրապարտէզի ծառերը հատելուն դէմ, սակայն հետագային շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան համար սկսած ցոյցերը վերածուած են հակակառավարական ցոյցերու եւ ծաւալած են զանգուածային անկարգութիւններ: Այդ ցոյցերուն ընթացքին ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներուն ընթացքին չորս զոհ արձանագրուած էր եւ շուրջ հազար մարդիկ վիրաւորուած կամ տարբեր աստիճանի վէրքեր ստացած էին: Ձերբակալուած է աւելի քան 150 մարդ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )