Պարզանի Քրտական Ազգային Խորհրդաժողովին Վերաբերեալ Թուրքիոյ Մտահոգութիւնները Կը Մեղմացնէ
«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի վարչապետ Նեչիրվան Պարզանի, որ երեքշաբթի օր Անգարայի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ հանդիպում ունեցաւ, մեղմացուցած է Էրպիլի մէջ նախատեսուած քրտական ազգային խորհրդաժողովին եւ անոր ընթացքին միացեալ Քիւրտիստան մը ստեղծելու որոշումի մը հաւանականութեան շուրջ Թուրքիոյ մտահոգութիւնները:
Դիւանագիտական աղբիւրներ «Թուտէյզ Զաման»-ի յայտնած են, որ բանակցութեանց ընթացքին կարեւոր նիւթերէն մէկը յառաջիկայ ամիս Միջին Արեւելքի մէջ քրտական գլխաւոր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ գումարուելիք խորհրդաժողովն էր: Պարզանի թուրք պաշտօնատարներուն այդ խորհրդաժողովին մասին զեկուցած է:
Թրքական կողմը ընդգծած է, որ իրենք քիւրտերուն դէմ ժխտական կեցուածք մը չեն որդեգրեր եւ նշած, որ իրենք «սահմաններու անփոփոխելիութեան» եւ միջազգային օրէնքներու հարցերով զգայուն են: Քրտական կողմը վստահեցուցած է, որ իրենք Թուրքիոյ մտահոգութիւնները հրահրող որեւէ քայլի պիտի չդիմեն:
Քիւրտ ղեկավարը նաեւ երկու ժամ տեւողութեամբ դռնփակ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Բարձրաստիճան դիւանագէտ մը օրաթերթին յայտնած է, որ Իրաքի քիւրտերը եւս անհանգստացած են սուրիական վարչակարգի քայլերէն: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ «հաստատուեցաւ, որ Թուրքիա եւ Քրտական ինքնավար մարզի կառավարութիւնը հասարակաց կեցուածք եւ մտահոգութիւններ ունին Սուրիոյ եւ անոր հիւսիսի զարգացումներուն առնչութեամբ»:
Չորեքշաբթի օր թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Ժողովրդային միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Մուսլեմի հետ անցեալ շաբաթավերջին հանդիպումին ընթացքին Անգարա սուրիացի քիւրտերու կուսակցութեան խոստացած է, որ պիտի ճանչնայ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն հաստատելիք ինքնավար շրջանը: Դիւանագիտական աղբիւրներ կտրուկ կերպով մերժած են այդ պնդումները:
Թուրքիոյ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով առաջարկեց, որ թրքական կառավարութիւնը Քայիտայի առնչակից կազմակերպութիւններուն փոխարէն յարաբերութիւնները բարելաւէ սուրիացի քիւրտերուն հետ:
Կուսակցութիւնը նշեց, որ սուրիացի քիւրտերուն հետ յարաբերութիւններուն բարելաւումը ամբողջ շրջանի ժողովուրդներուն շահերուն պիտի ծառայէ: «Կ՛ուզենք շեշտել, որ Սուրիոյ մէջ հաւանական ջարդերուն պատճառով ստեղծուած ապագայ քաոսային մթնոլորտ մը ամբողջ Միջին Արեւելքը պիտի վարակէ: Այդպիսի քաոսի մը համար այպանելին ոչ միայն Քայիտան պիտի ըլլայ, այլ նաեւ` բոլոր շրջանային եւ արեւմտեան երկիրները», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: