Ըստ «Մայատին»-ի. Հինգշաբթի Օր Ուաշինկթընի Մէջ Ռուս-Ամերիկեան Փոխզիջումային Համաձայնութիւն Մը Պիտի Կնքուի
Աղբիւրներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց ու պաշտպանութեան նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Սերկէյ Շոյկու հինգշաբթի օր Ուաշինկթըն պիտի այցելեն Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ փոխզիջումային համաձայնութիւն մը ստորագրելու համար:
Աղբիւրները նշած են, որ Մոսկուա կ՛ուզէ Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերու ապահով հեռացման հարցը սակարկել, իսկ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ, որ Մոսկուա «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտընի մօտ գտնուող եւ Միացեալ Նահանգներու վարած քաղաքականութիւնները բացայայտող գաղտնիքները չշահագործէ:
Ըստ աղբիւրներուն, փոխզիջումային համաձայնութեան, Մոսկուա պատրաստ է Իրանը հիւլէական ծրագիրէն հրաժարելու համոզելու եւ Ռուսիա կառչած կը մնայ այն գաղափարին, որ Ուաշինկթըն երաշխիքներ տայ, թէ Եւրոպայի մէջ հակահրթիռային վահանը իր դէմ պիտի չուղղուի:
Աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Ռուսիա կ՛ուզէ, որ համաձայնութեան կէտերուն շարքին ըլլան այն կէտերը, թէ Ուաշինկթըն պիտի յարգէ Սուրիոյ մէջ ռուսական շահերը, նախկին խորհրդային տարածքին մէջ ամերիկեան ազդեցութիւնը պիտի սահմանափակէ եւ Եւրոպայի մէջ աւանդական զինեալ ուժերու թիւը նուազեցնէ` նշելով, որ Մոսկուա կը պնդէ, որ Ուաշինկթըն չեղեալ նկատէ ռուսական ընկերութիւններուն դէմ խտրականութիւն կիրարկող միջոցառումները, ինչպէս նաեւ կառչած կը մնայ այն պահանջին, որ Ուաշինկթըն ռուսական ղեկավարութեան դէմ հրահրում կատարելէ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ընդդիմախօսներուն աջակցելէ դադրի: