«Եգիպտական Բանակը Ժողովրդավարութիւնը Վերականգնեց» Ըսաւ Քերրի
Մինչ Գահիրէի Ռապիա Ատուիա եւ Նահտա հրապարակներուն վրայ Իսլամ եղբայրներու նստացոյցերը ցրուելու ժամկէտին շուրջ սպասողական վիճակ կը տիրէ, Ուաշինկթըն իր կեցուածքը վճռեց ի նպաստ Մոհամետ Մուրսիի պաշտօնազրկումին, երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի փաքիստանեան «Ճիօ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «բազմամիլիոն մարդիկ բանակէն պահանջեցին միջամտել, որովհետեւ քաոսային եւ բռնութեան վիճակի մը մէջ մտնելէ կը վախնային»` աւելցնելով, որ «ինչ որ գիտենք այն է, որ բանակը առայժմ (իշխանութիւնը) չգրաւեց եւ երկիրը կառավարող քաղաքային կառավարութիւն մը գոյութիւն ունի: Իրականութեան մէջ անոնք ժողովրդավարութիւնը կը վերականգնեն»:
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղ դատապարտեց Քերրիի կեցուածքը` «Թուիթըր» ընկերային կայքէջին վրայ գրելով, որ «բանակը Միացեալ Նահանգներու կամ եւրոպական երկիրներուն մէջ ժողովրդավարութիւն կառուցա՞ծ է: Յեղաշրջումները ժողովրդավարութիւն պիտի չբերեն. իրողութեան մէջ անոնք ժողովրդավարական ուղիները կը սպաննեն եւ կը քանդեն: Ճիշդ ինչպէս Եգիպտոսի մէջ կատարեցին»:
Դիւանագիտական բարձրաստիճան աղբիւրներ երէկ կէսօրէ ետք «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ հաւանաբար Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ուիլիըմ Պըրնզ գիշերը անակնկալ այցելութեամբ Գահիրէ հասնի: Աւելի ուշ, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնապէս հաստատեց լուրը:
Մինչ այդ, Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հանի Ապտել Լաթիֆ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Գահիրէի մէջ Իսլամ եղբայրներու նստացոյցերը ցրուելու ժամկէտը չէ ճշդուած: Ապահովական աղբիւր մը իր կարգին եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթին յայտնեց, որ նստացոյցերը ցրուելու ժամկէտը կարելի չէ ճշդել: Ապահովական աղբիւր մը եգիպտական «Ժումհուրիյա» օրաթերթին յայտնեց, որ ապահովական մարմինները ունին նստացոյցերը ցրուելու ծրագիր մը, որուն գործադրութիւնը հանգրուանային պիտի ըլլայ:
Եգիպտական պատասխանատու աղբիւր մը «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Եգիպտոսի ընկերային միասնականութեան նախարարութիւնը Իսլամ եղբայրներ կազմակերպութիւնը լուծարելու հարցը կը քննարկէ, եւ այդ որոշումը այլեւս պարզապէս ժամանակի հարց է:


