Մանսուր Այցելեց Հըսի

Հըս եւ Մանսուր

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մանսուր յայտնեց, որ Լիբանան ահաբեկչութեան եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն կողմէ թիրախ դառնալու շրջագիծին մէջ կը գտնուի, որովհետեւ անոնք կը փափաքին քանդել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

«Հետեւաբար, Լիբանանի մէջ ընթացք առած հրթիռարձակումները կրնան շարունակուիլ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ պէտք է յանձնառու մնալ երկրին ապահովական կայունութեան:

Մանսուր մերժեց պատասխանել  հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախանցեալ օրուան ճառին վերաբերող հարցումի մը:

Մանսուր ընդգծեց, որ այս հանգրուանին անհրաժեշտ է պահպանել լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES