Վ. Սապունճեան Սուրիացի Գործարարներու Հետ Քննարկեց Պէյրութի Եւ Թրիփոլիի Մէջ Ներդրումներ Կատարելու Հեռանկարները

Սապունճեան` սուրիացի գործարարներուն հետ

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց սուրիացի գործարարներու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց Սուրիոյ առեւտուրի գրասենեակի խորհուրդի եւ Հալէպի առեւտուրի գրասենեակի վարիչ-տնօրէնութեան խորհուրդի անդամ Լեւոն Զեքի Ետալեան:

Պատուիրակութեան մաս կազմող սուրիացի գործարարները Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարելու խանդավառութիւն ցուցաբերեցին, յատկապէս Պէյրութի եւ Թրիփոլիի նաւահանգիստներուն կամ Պեքաայի ազատ գօտիներուն մէջ ծրագիրներ գործադրելու առումով:

Վ. Սապունճեան ողջունեց սուրիացի գործարարներուն նախաձեռնութիւնը եւ քաջալերեց անոնց կողմէ Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարելու նախաձեռնութիւնը` դիտել տալով, որ այս իմաստով Լիբանանի մէջ կը տիրէ դրական մթնոլորտ:

Հանդիպումին ընթացքին Վ. Սապունճեան ընդհանուր ներկայացում մը կատարեց ներդրողներուն ընձեռուող դիւրութիւններուն, արտօնագիրներ ստանալու պայմաններուն եւ արաբ ներդրողներուն նկատմամբ ցուցաբերուած վարուելակերպին մասին:

Կը նախատեսուի, որ յառաջիկային հանդիպումները շարունակուին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )