Հարիրի. «Կոչ Կ՛ուղղենք Լուծելու Ապօրինի Զէնքին Հարցը Եւ Վերջ Տալու Սուրիոյ Տագնապին Ամէն Տեսակի Մասնակցութեան»

Հարիրի` ռամատանեան իր ճառին ընթացքին

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան Մուսթաքպալ հոսանքի կազմակերպած ռամատանեան իֆթարի մը ընթացքին պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն յայտնեց, որ Հըզպալլա կը փորձէ Լիբանանը մղել դէպի փոթորիկ, «իսկ նախագահական պալատի շրջակայքը եւ պաշտպանութեան նախարարութիւնը թիրախ դարձնող հրթիռները ահաբեկչական պատգամներ են», ըսաւ ան:

Հարիրի շեշտեց, որ Հըզպալլա խախտած է լիբանանեան ազգային կեանքին բոլոր օրէնքները եւ ինքնիրեն տուած է պետութեան յատուկ իրաւունքներ` ճակատագրական որոշումներ տալու:

«Մենք կը ձգտինք կերտել պետութիւն մը, ուր սահմանադրական հաստատութիւնները կ՛իշխեն եւ համայնքներուն զէնքը պետականութիւնն ու օրէնքները չի շրջանցեր», ըսաւ ան:

Հարիրի ըսաւ, որ 8 մարտ 2005-ին Հըզպալլա Լիբանանի մէջ ցանած է յարանուանական լարուածութեան բոյսը, որ ուռճացած է անոր որդեգրած քաղաքական քայլերուն պատճառով, ինչպէս` յուլիսեան պատերազմը մղելու անոր ինքնագլուխ որոշումը եւ 7 մայիսի դէպքերը:

Հարիրի կոչ ուղղեց լուծելու ապօրինի զէնքին հարցը եւ վերջ տալու Սուրիոյ տագնապին ամէն տեսակի մասնակցութեան:

Հարիրի կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն յանձնելու Լիբանանի պաշտպանութեան ու լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդման դրօշը եւ զանոնք դուրս բերելու յարանուանական օղակէն:

Հարիրի դրուատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի արտասանած ճառը` բանակի տօնին առիթով եւ ըսաւ, որ իրենք պատրաստ են ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու, երբ նախագահ Սլէյման հրաւիրէ զիրենք:

Կառավարութեան կազմութեան եւ իրեն վարչապետի պաշտօն առաջարկ ներկայացնող քաղաքական կողմերուն պատասխանելով` Հարիրի յայտնեց, որ իսկապէս կառավարութիւն մը կազմել փափաքող կողմը պէտք է գործակցի վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

Հարիրի զօրակցութիւն յայտնեց բանակին եւ շեշտեց, որ իրենք նեցուկ կը կանգնին անոր, նոյնիսկ եթէ ան իրենց դէմ սխալ մը գործէ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )