Պաապտան Եւ Ֆիատիէն Հրթիռարձակումի Թիրախ Դարձնելու Արարքին Դէմ Դատապարտումի Ալիք Կը Բարձրանայ

Նախանցեալ օր Պաապտայի շրջանին ուղղութեամբ եւ յատկապէս նախագահական պալատին կից գտնուող բնակարանն ու Ֆիատիէի մէջ լիբանանեան բանակի սպայակոյտի կեդրոնատեղին հրթիռարձակումի թիրախ դարձնող արարքը արժանացաւ խիստ դատապարտումի:

Բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նախանցեալ օր կէս գիշերին Եարզէի մէջ լսուած պայթումներուն պատճառով լիբանանեան բանակը սկսած է հետախուզական արշաւի մը` բացայայտելու համար լիբանանեան բանակի սպայակոյտի կեդրոնատեղին եւ Իլհամ Ֆրայհայի բնակարանին պարտէզը թիրախ դարձուցած «Կրատ» տիպի հրթիռներուն աղբիւրը եւ յանցագործները:

Իր կարգին, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Պաապտայի շրջանին դէմ արձակուած հրթիռները Պալլունէէն դէպի Ժումհուր եւ հարաւային արուարձաններ արձակուած նոյնատիպ հրթիռներէն են:

Շարպել հաւանական նկատեց, որ հրթիռարձակումին մասին մանրամասնութիւնները շուտով բացայայտուին:

Շարպել նաեւ նշեց, որ Լիբանանի դէմ սպառնացող վտանգը մեծ է` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է ամէն գնով Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական տագնապը լուծել:

Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա խստիւ դատապարտեց Պաապտայի եւ Ֆիատիէի դէմ կատարուած հրթիռարձակումը` շեշտելով, որ այդ հրթիռները լիբանանցիներուն կամքն ու  հայրենասիրութիւնը պիտի չկարենան խախտել: Ան հաստատեց, որ այդ հրթիռներուն ետին կանգնած նենգ նպատակները պիտի չիրականանան:

Սինիորա ողջունեց նախագահ Սլէյմանի արտասանած խօսքը` բանակին հիմնադրութեան 68-ամեակին առիթով եւ աւելցուց, որ ան արժանապատիւ կերպով կը պաշտպանէ Լիբանանը եւ անոր սահմանադրութիւնը` մերժելով երկրին մէջ գտնուող ապօրինի զէնքը, յարգելով «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը եւ մերժելով Լիբանանը այս կամ այն շրջանային տագնապին հետեւանքներուն զոհը դարձնել:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ դատապարտեց նախանցեալ օրուան հրթիռարձակումը եւ շեշտեց, որ ատիկա վտանգաւոր արարք մըն է, յատկապէս այն իրականութեան համար, որ ան որ թիրախները կը ներկայացնեն խորհրդանշական շրջաններ:

«Այս արարքները կը միտին հարուածել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը», ըսաւ Սալամ եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:

Խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ բանակի տօնին առիթով նախագահ Սլէյմանի արտայայտած կեցուածքները ժողովուրդին կոչերն են եւ այդ կոչերը հրթիռներով չէ որ լռեցուին:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ դատապարտեց Պաապտայի եւ Եարզէի դէմ կատարուած հրթիռարձակումը` հաստատելով, որ ինք նեցուկ կը կանգնի հանրապետութեան նախագահին եւ կը զօրակցի անոր ազգային քաջ ու յանդուգն կեցուածքներուն:

Ժոմպլաթ հարց տուաւ, թէ ո՞ւր է սխալը, որ երկրին նախագահը, որ սահմանադրութեան պաշտպանն է, յանձնառու մնայ երկրին ժողովրդավարութեան եւ բանակին:

Ժոմպլաթ շեշտեց, որ կարծէք Լիբանանի մէջ ըստ պահանջի գործող զէնքն ու աժան տեղեկատուութիւնը ցուցմունքներու չեն կարօտիր եւ կրնան որեւէ ատեն հրթիռներ կամ ականուած նուէրներ ուղարկել:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հրթիռարձակումին մասին յայտնեց, որ ինք օր մը օրանց չէ պատկերացուցած, որ լիբանանցիները հանրապետութեան նախագահը նման նենգութեամբ թիրախ դարձնեն: Ժահժահ յայտնեց, որ այդ քայլը նոյնիսկ Իսրայէլը չէ առած: Ան ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ ոմանք ո՛չ հանրապետութեան նախագահ եւ ո՛չ ալ հանրապետութիւն կ՛ուզեն, բայց եւ այնպէս այս մօտեցումը լիբանանցիներուն մեծամասնութեան մօտեցումը չէ, ընդհակառակն` լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը կը զօրակցի հանրապետութեան նախագահին եւ նեցուկ կը կանգնի անոր տեսակէտներուն ու առած քայլերուն:

Share this Article
CATEGORIES