Հայաստանի Կին Բռնցքամարտիկները Կը Մասնակցին Աշխարհի Ախոյեանութեան
Հայաստանի կին բռնցքամարտիկները պիտի մասնակցին 20-29 սեպտեմբեր Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունենալիք պատանիներու եւ երիտասարդներու բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեանութեան:
Այս մասին «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան կը տեղեկացնէ Հայաստանի բռնցքամարտի կիներու հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ` Ռաֆայէլ Մեհրապեան:
Ան նշեց, որ Հայաստանի կին բռնցքամարտիկներու խումբին վերջնական կազմը չէ ճշդած տակաւին, բայց կը նախատեսէ, որ երեք հոգիով կը մասնակցին աշխարհի ախոյեանութեան:
Նշենք, որ Հայաստանի կին բռնցքամարտիկները վերջերս դարձան մետալակիր եւրոպական մրցաշարքերու ընթացքին: Կարելի է յիշել նաեւ, թէ այս մարզաձեւը ընդգրկուեցաւ նաեւ ողիմպիական խաղերու ծրագիրին մէջ:
CATEGORIES Մարզական

