Տակաւին Շա՜տ Կանուխ Էր

Շատ կարճ եւ շատ արագ տարածուող պատմութիւն մը` մէկ ամսուան ընթացքին միայն:

– Սերժը վերջերս տեսա՞ր, շատ նիհարցած է եւ գունատ:

– Զօրաւոր մարզանք ըրած է:

– Բայց շատ տժգոյն է:

– Արդէն ճերմակի վրայ է ինք, սակայն:

***

– Սերժը բժիշկին գացեր է, քննութիւններ պիտի ընէ:

– Բժիշկները յայտնած են, որ դեղնախտ ունեցած է:

– Հիմա «Հարուն» հիւանդանոցն է, բժիշկները կ՛ըսեն, որ արեան մէջ երկաթը բարձրացած է` լեարդը չ՛աշխատիր:

– «Օթել Տիէօ» հիւանդանոց տեղափոխուած է: Բժիշկները կ՛ըսեն, որ լեարդի պատուաստում անհրաժեշտ է:

– Սերժին վիճակը շատ վատթարացեր է յանկարծ, յետոյ սակայն կայունացեր է:

– Ֆրանսա պիտի մեկնի լեարդի պատուաստումի համար:

– Արդէն ողջ-առողջ հասած է Ֆրանսա, հիւանդանոցն է:

– Գործողութիւն եղած է եւ յաջող է: Եւ յանկարծ`

– Մարմինը չէ ընդունած պատուաստը. Սերժը մահացած է:

– Պիտի գայ հանգչելու իր հօր եւ մեծ հօր կողքին, Այնճար:

Եւ այսպէս, քառասուն տարին նոր շրջանցած Սերժը, մեր Սերժը, ձերը, բոլորինը` կը մեկնի այս անցաւոր աշխարհէն, ցնցելով ամբողջ գաղութը:

Սուգը համատարած է, կորուստը անվերադարձ:

Տէ՛ր Աստուած, տակաւին շա՜տ կանուխ էր:

Կորսնցուցինք գործունեայ, ազնիւ, ընկերային եւ օրինակելի երիտասարդ մը, որուն նմաններուն շատ կարիքը ունի այս գաղութը: Արդարեւ, Սերժը եղած էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ, Համազգայինի Լիբանանի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ատենապետ, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինի ատենապետ, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան դիւանի անդամ եւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, վաստակաշատ անդամ Ս. Խանամիրեան ազգային վարժարանի խնամակալութեան եւ վերջին տարիներուն Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմինի անդամ` մինչեւ իր եղերական մահը:

Ահաւասիկ Սերժին ազգային, կուսակցական, կրթական եւ հայրենակցական գործին ամփոփ շրջագիծը, ուր գործեց իր գիտակից կեանքի ընթացքին:

Սերժ Գալուստեանի անժամանակ մեկնումը կորուստ է ոչ միայն իր ընտանիքին եւ հարազատներուն, ոչ միայն ՀՅ Դաշնակցութեան եւ ազգային մարմիններուն, ոչ միայն այնճարցիներուն, այլ` ամբողջ լիբանանահայ գաղութին:

Ափսո՜ս եղաւ բոլորիս Սերժին կորուստը: Արդէն մեծաթիւ չեն եռանդուն, ծառայասէր եւ անաչառ երիտասարդները մեր գաղութին մէջ:

Զինք պիտի փնտռենք շուտով մեր ձեռնարկներուն, մեր ժողովներուն եւ մեր հանդիպումներու ատեն: Պիտի փորձենք պատկերացնել իր բարի, ժպտուն եւ ազնիւ դիմանկարը:

Լիբանանահայ գաղութը կորսնցուց Սերժ Գալուստեանը: Սակայն պէտք է միշտ չմոռնալ, որ մարդիկ կը մեռնին միայն այն ատեն, երբ իրենց յիշատակը կը մարի:

Սերժ Գալուստեանը պիտի ապրի այնքան, որքան զինք ճանչցողները վառ պիտի պահեն իր յիշատակը:

Ան իր յաւիտենական հանգիստը գտաւ իր հօր եւ մեծ հօր կողքին, որ Մուսա լերան շրջանի դաշնակցական ուժեղ դէմքերէն եղած էր: Մեծ էր իր ուրախութիւնը, երբ ընտանեօք ուխտի գնաց Մուսա լեռ եւ գտաւ իրենց պապենական տունը:

Սիրելի՛ Սերժ,
Յարգանք քեզի:

Յիշատակդ վառ պիտի մնայ մեր բոլորին սրտերուն մէջ` սիրելի Սերժ:

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES