Մնաս Բարով
«Յակո՛բ, բան մը ըրէ»:
«Շատ վատ եմ»:
«Քալելով կը վերադառնամ»:
«Պզտիկներուն լաւ նայէ»:
Այսպէս տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր վիճակներու մէջ Սերժին խօսքերը կը տողանցեն մտքիս մէջ: Օդակայան փոխադրելու ընթացքին ըսաւ. «Քալելով պիտի վերադառնամ»: Գնաց Սերժը, եւ այս եղաւ իր վերջին թռիչքը:
Կան բարեկամութիւններ, որոնք աշխատանքի ընթացքին կը ստեղծուին: Անշուշտ հակառակն ալ կայ. բարեկամութիւններ երբեմն աշխատանքի ընթացքին կը քանդուին: Բարեկամութիւնս Սերժին հետ տասը-տասներկու տարուան կեանք ունէր: Նախ` իբրեւ ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ներկայացուցիչ, ձեռնարկներու, դասախօսութիւններու, բանակումներու նախօրեակին զրուցելու, գործակցելու եւ աջակցելու իմաստով: Յետոյ` իբրեւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ «Հորիզոն» թմրամոլութեան դէմ նախազգուշական գրասենեակի: Աւելի ուշ` իբրեւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ատենապետ: Վերջապէս, շաբաթօրեայ մեր հանդիպումներուն մնայուն անդամ էր:
Բոլոր ժամանակներու մէջ ալ մնաց փոխադարձ յարգանքով, անկեղծ, մաքուր, անշահախնդիր, լսող եւ մասնակցող բարի տղան:
Բարի կ՛ըսեմ, որովհետեւ դժբախտաբար բարիները կը պակսին մեր շրջապատէն եւ կը բազմանան շատախօս, մակերեսային, բամբասող, նիւթապաշտ, հաճոյակատար մարդիկ: Բարի կ՛ըսեմ, որովհետեւ բարութիւնը մեծ դրամագլուխ է` իբրեւ մարդ լաւ ընտանիք կազմելու եւ լաւ հայ ըլլալու համար: Բարի կ՛ըսեմ, որովհետեւ բարի ըլլալուն պատճառով ամէն մարդ իր անկարելին ըրաւ, որպէսզի անոր կեանքը ազատէ, սակայն…
Արինը, Նանին եւ Պետոն առանձին են այլեւս: Սերժը պիտի չգայ ամէն երեկոյեան իր յաղթանդամ հասակով, մեղմ ժպիտով, համբերատար հայրութեամբ եւ զօրաւոր կողակիցի իր կեցուածքով:
Սերժը ամառնային շաբաթավերջերուն Այնճար պիտի չելլէ եւ հոն իր համագիւղացիներուն հետ գիւղին, ազգային, կրթական, կուսակցական հարցերուն մասին պիտի չզրուցէ:
Վերամուտին Սերժը Նանին եւ Պետոն պիտի չհասցնէ երաժշտանոց եւ պարի դպրոց:
«Յառաջ»-ի, Խանամիրեանի եւ Ճեմարանի ճաշկերոյթներուն պիտի բացակայի:
ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ձիւնագնացութեան եւ ընկերային ձեռնարկներուն իր տեղը պարապ պիտի մնայ:
«Հորիզոն»-ի ժողովներուն իր բացը զգալի պիտի ըլլայ:
Այո՛, Սերժը ոչ եւս է այլեւս:
Սակայն:
Մեր կեանքի հեւքին մէջ պիտի չըլլայ օր մը, երբ քու ձայնդ, ժպիտդ եւ տագնապներդ չյիշենք…
Հիմա, ամէն անգամ որ «Հարուն», «Արզ» եւ «Օթել Տիէօ» հիւանդանոցները կ՛այցելեմ (ստիպուած, գործի բերումով), ուրիշ յուզում մը կ՛ապրիմ այլեւս, ուրիշ յիշատակ մը կը կրծէ ներաշխարհս: Եւ կը մնայ այդ վերջին պատկերը. կիրակի առաւօտեան ժամը 5:00-ին, երբ հիւանդանոց հասայ, Արինը դեռ չէր ժամանած, քովը մտայ. «Յակո՛բ,- ըսաւ,- ժամերը հաշուեցի, որ առտու ըլլայ եւ երթամ ու ազատիմ այս չարչարանքէս»: Քիթէն արիւն կու գար, մէկ կողմէն կը սրբէր եւ կը շարունակէր. «Ես ետ պիտի գամ, քալելով պիտի գամ, դուն միայն պզտիկներուն լաւ նայէ…»:
Հիմա, Սե՛րժ, քառասուն օրեր անցած են: Արինը շրջապատուած է բոլոր քու ընկերներովդ:
Արինը եւ Նանէն թաղմանդ արարողութեան զօրաւոր մնացին, ինչպէս որ դուն կ՛ուզէիր: Զուսպ, տոկուն, քաջ եւ խոր յուզումով: Պետոն ըմբոստացաւ կեանքէն, բայց յետոյ իր կամքը զօրացուց եւ իր մօր ու քրոջ պէս զօրաւոր մնաց: Մենք առանձին պիտի չձգենք զանոնք: Մենք քու յիշատակդ պիտի անմահացնենք:
Պետոյին աչքերուն մէջ քու բարիութիւնդ տեսայ:
Բարո՛վ մնաս:
ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

