Անկեղծ Խոստովանութիւն

Կեանքի դաժան երեսը մեր դուռն ալ բախեց. հեռացար առանց հրաժեշտի եւ ափ ի բերան ձգեցիր ո՛չ միայն տնեցիները, հարազատներդ ու ընկերներդ, այլեւ` ամբողջ գաղութը:

Կամքդ կուռ էր, քաջ էիր ու անվախ եւ մինչեւ վերջին շունչդ պայքարեցար, ինչպէս կը պայքարէիր միշտ քու վեհ գաղափարիդ համար: Համոզուած էիր, որ փոթորիկները կու գան ու կ՛անցնին, սակայն կաղնին է, որ իր արմատներուն շնորհիւ կանգուն կը մնայ. կը փորձէիր նմանիլ այդ կաղնիին: Կը փորձէիր հաւատացնել շրջապատիդ եւ ընկերներուդ, որ դուն դարձեալ ոտքի պիտի կանգնիս: Անկեղծ ըսեմ` մենք բոլորս հաւատացինք եւ կը հաւատանք, որ դուն կանգուն ես ու կանգուն պիտի մնաս մեր յուշերուն մէջ: Քու համոզումներդ, սկզբունքներդ, պայքարի ոգիդ, անկեղծութիւնդ, նուիրականութիւնդ, աշխատասիրութիւնդ, եւ որ ամէնէն յատկանշականն էր` ընկերասիրութիւնդ, լաւագոյն փաստերն են, որ չեն արտօներ յիշատակիդ լոյսը խամրի:

ԸՆԿԵՐՈՒՀԻԴ ՈՒ ԿԻՆԴ`
ԱՐԻՆ

Share this Article
CATEGORIES