Շնորհիկ Լատոյեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Պուրճ Համուտի Կիլիկիա շրջանի բնակիչներուն ծանօթ էր Շնորհիկ Լատոյեանը` իր մարդամօտ տիպարով, ժպտուն դէմքով եւ ծառայասէր ոգիով: Ան միշտ պատրաստ էր օգնութեան փութալու բոլորին, ո՛չ միայն իր հարազատներուն, դրացիներուն եւ թաղեցիներուն, այլ բոլորին անխտիր, որեւէ տեսակի օժանդակութեան համար, բայց մանաւանդ բժշկական փոքր խնամքներ մատուցելու:

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի տարիներու հաւատաւոր անդամներէն էր ան, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն եւ անկէ ետք ԼՕԽ-ի առաքելութեան հաւատալով` իբրեւ վարչութեան անդամ, ներկայութիւն էր ակումբին մէջ: Ամէնէն վատ օրերուն իսկ «Աշխէն» մասնաճիւղին ընդմէջէն շրջանի հայութեան ծառայելու իր պատրաստակամութեան կողքին նաեւ իր զաւակները մղեց միշտ դէպի ակումբ` հայահոծ թաղերու պաշտպանութեան համար: «Աշխէն» մասնաճիւղի մէջ տարած գործունէութեան կողքին, ան երկար տարիներ պարտականութիւն ստանձնած է Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի Տիկնանց յանձնախումբին մէջ:

Իր սերունդի գրեթէ բոլոր մայրիկներուն նման, ան բազում նեղութիններ կրած էր իր կեանքին ընթացքին: Քրոջ եւ եղբօր ներկայութիւնը չվայելած, իր սեբաստացի հարազատներուն գուրգուրանքով եւ խնամքով մեծցած է.  հազիւ պարմանուհի, շուտով լծուած է գորգահիւսութեան եւ կարի աշխատանքներուն: Երիտասարդ տարիքին ամուսնացած` չորս զաւակներու մայր դարձած էր. իր ամուսնոյն` Յովսէփին հետ, ճիգ չխնայեցին, որ անոնք ստանան ուսում կամ լծուին աշխատանքի`  ընտանիքին նեցուկ կանգնելու համար:

Պերճախօս էր ան, բայց նաեւ լուռ: Իր ցաւերն ու հոգերը չէր բաժներ այլոց հետ, այլ զանոնք կը պահէր իր սրտին խորքը, բայց այնպէս մը կ՛ուրախանար ուրիշներուն ուրախութիւններով, որ կարծէք իր սեփականը ըլլային:

Ընկերային էր ընկհ. Շնորհիկը եւ համախմբող, ոչ միայն կը սիրէր իր շուրջ հաւաքել իր զաւակները եւ ապագային անոնց ընտանիքները, այլ կը սիրէր նաեւ ընկերային լաւ մթնոլորտ ստեղծել ԼՕԽ-ական իր ընկերուհիներուն հետ, համախմբել զանոնք տարբեր առիթներով, հայկական աւանդութիւնները պահել, հայկական աւանդական ուտեստեղէն պատրաստել…

Ամէն տեղ ներկայ էր ան` խնճոյք ընողին քով, ուրախացողին եւ տխրողին, նաեւ  հիւանդին, մինչեւ որ ինք հիւանդացաւ 2010-ի աշնան եւ երեք տարի անկողինին ծառայեց: Այդ միջոցին, հակառակ տկարութեան պահերուն, իր լաւատեսութիւնը կը պահէր: Այն ատեն էր, որ քաղեց իր տարած տարիներու ժրաջան աշխատանքին արդիւնքը, յաջողած էր տիպար զաւակներու դաստիարակութեան հայ մօր առաքելութեան մէջ, զաւակները զինք չլքեցին իր տկարութեան պահերուն, օրական դրութեամբ իր կողքին էին` յոյս ներշնչելու: Իսկ ԼՕԽ-ական ընկերուհիները եւս միշտ ներկայ էին իրեն դժուար պահերուն կամ ուրախ առիթներ ստեղծելու համար: Դրացիները, որոնց բոլորին օգնութեան հասած էր, յաճախ այցելեցին իրեն` ծերութեան դաժան առանձնութիւնը մեղմացնելու համար:

Շնորհիկ Լատոյեան միացաւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ԼՕԽ-ականներու` Մաքրուհիին, Ծաղիկին եւ ուրիշներուն… Ձեր ճամբան տարբեր էր, եւ խոչընդոտներով լեցուն, բայց կրցաք, հակառակ մարտահրաւէրներուն, թէ՛ հայ ընտանիք պահել, բարձր արժանիքներով օժտուած զաւակներ մեծցնել, եւ թէ՛ հասնիլ հայութեան կանչին ԼՕԽ-ի սուրբ գաղափարին ընդմէջէն: Մեզ` նոր սերունդին կը մնայ ձեր ժուժկալութեան, համեստութեան եւ ընկերասիրութեան օրինակին հետեւիլ, եւ հակառակ ընտանեկան եւ աշխատանքային պարտականութիւններուն, ժամանակ ստեղծել հասնելու նաեւ միութենական պարտականութիւններուն… ազգի ծառայութեան` մեր միութիւններուն ընդմէջէն:

Ուրախ եմ, որ քեզ ճանչցած եմ ծնունդէս մինչեւ խոր ծերութիւնդ:

Ուրախ եմ, որ երկար ժամեր անցուցած ենք միասին, լսելով ընտանիքիդ, իմ արմատներուս պատմութիւնը:

Ուրախ կ՛ըլլայինք բոլորս, եթէ չբաժնուէիր մեզմէ, բայց հաստատ միշտ պիտի մնաս մեզի հետ, գեղեցիկ ժպիտովդ, վառ պատկերովդ: Կ’ապրիս մեր սրտերուն եւ յիշողութիւններուն մէջ, քու մասիդ պիտի լսեն եկող սերունդները` ծոռերդ եւ անոնց թոռնիկները:

Երկարատեւ հիւանդութիւնը թոյլ չէր տար քեզի որ հանգիստ քնանաս, հիմա հանգիստ ննջէ, հողը թող թեթեւ գայ վրադ Շնորհիկ նէնէ,  Աստուած հոգիդ ողորմէ:

Թոռնիկդ`
ԹԱԼԻՆ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES