Կարճ, Բայց Բարի Կեանք

Չենք ուզեր հաւատալ, որ այլեւս մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ես, սակայն կեանքի օրէնքներէն մէկն է, որ մեզ կը պարտադրէ ընդունիլ այն իրականութիւնը, թէ մահ կայ: Այս պարագային այդ բաժանումը միայն ֆիզիքական է, դուն հոգեպէս ներկայ ես ու պիտի մնաս իւրաքանչիւր սիրելիի մտքին մէջ:

Րաֆֆի Սոլաքեան անդամ էր ՀՄԸՄ Ժտէյտէի մասնաճիւղին: Ան գործեց սկաուտական խորհուրդի կազմին մէջ, ապա` որպէս վարչական, հեզ ու խոնարհ իր բնաւորութեամբ կը հետեւէր ժողովներուն, իր աշխատասիրութիւնը զինք կը մղէր ստանձնելու ծանր պարտականութիւնները եւ մասնակից կ՛ըլլար սեւ աշխատանքներուն: Իրեն համար կարեւոր էր սկաուտական յայտագիրներուն ու ծրագիրներուն յաջողութիւնը, կը նեղանար, սակայն չէր արտայայտուեր, երբ ժողովներու ընթացքին երկխօսութիւն մը պատահէր եւ աշխատանքը կանգ առնէր: Եղբայր Րաֆֆիի համար կարեւորը գործն էր, ո՛չ խօսքը, ան ներկայ էր միշտ ուր որ պէտք է ըլլար:

Ան հաւատաց Աստուծոյ ու ծառայեց ազգին` գիտակից իրեն յանձնուած պարտականութեան եւ պարտաւորութեան, ան ճիգ չխնայեց լաւագոյնը կատարելու մէկդի դնելով իր անձնական հաճոյքները:

Ան հոգեպէս ուրախ ու գոհ կը զգար, երբ օգնութեան ձեռք երկարէր, մէկ խօսքով` տիպար ՀՄԸՄ-ականի մը յատկանիշները կը կրէր:

Իր վաղահաս մահով ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը, մանաւանդ Ժտէյտէի մասնաճիւղի ընտանիքը կորսնցուց անդամ մը, որ տակաւին կատարելիք ունէր, սակայն վստահ ենք, որ զինք սիրողները պիտի շարունակեն իր բռնած ուղին եւ կատարեն իրենց լաւագոյնը, որպէսզի Րաֆֆի Սոլաքեանի յիշատակը մնայ վառ:

Վարձքդ կատա՛ր, եղբայր Րաֆֆի, կարճ ապրեցար, բայց քու բարի գործերուդ դրոշմը ձգեցիր ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ:

Հանգչի՛ր խաղաղ:

ՀՄԸՄ-Ի ԺՏԷՅՏԷ
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )