Պետրոս Սաղըրեանի Մահուան Քառասունքին Առթիւ

Յունիս 29-ի` առաւօտեան ժամը 7:00-ին, հոգին աւանդեց Պետրոս Սաղըրեանը: Լուրը ցնցիչ էր: Երբ այս տխուր գոյժը կը հաղորդէինք ծանօթներու, անոնք չէին հաւատար, կը կրկնէին ու կը պնդէին, որ տեսած էին զինք երկու օր առաջ, քաջառողջ վիճակի մէջ, իր այնքա՛ն շատ սիրած Պուրճ Համուտի` Մարաշի իր գործատան մէջ:

Ան զաւակն էր Մովսէս Սաղըրեանին, որ երկար տարիներ ծառայած էր Ազգային առաջնորդարանի մէջ, հոգելոյս Խորէն ու Տաճատ սրբազաններու օրով: Իր մայրը` Լուսինը, 46 տարի` որպէս գործօն անդամ ծառայած էր Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան, ապա` 1972-ին, եղած էր հիմնադիրներէն, ԼՕԽ-ի Ժտէյտէի «Անի» մասնաճիւղին:

Պետրոս Սաղըրեան որպէս կտակ ստացած էր հայկական, միութենական, եկեղեցական ու աւանդութիւններու պահպանման սէրը` իր ծնողքէն: Ապա շարունակեց իր ընտանիքի անդամներուն հետ կիրարկել այս սկզբունքները մինչեւ իր կեանքին աւարտը:

Բնաւորութեամբ զուարթախոհ էր, կատակասէր եւ ուրախութիւն կը սփռէր իր շուրջը, լաւատես էր ու պատրաստ ձեռք երկարելու բոլորին:

Երիտասարդութեան շրջանէն անդամակցեցաւ ՀՅԴ-ի շարքերուն եւ եղաւ հաւատաւոր դաշնակցական ու գործօն անդամ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան:

Ան «Ամանոսի» լեռներուն պէս եղաւ բարձր ու վեհ, երբեք չընկրկեցաւ կեանքի դաժան հովերուն դէմ յանդիման ու հաւատաց, թէ յաջորդ օրը, միշտ նոր «Արեւ» պիտի ծագի:

Ընկ. Պետրո՛ս, հողը վրադ թեթեւ գայ.

Հաւատա՛, որ յիշատակդ միշտ վառ պիտի մնայ մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ:

ՄԱՐԱԼ ՎԱՐԴԱՊԵՏԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )