Հայաստանի Մարզիկները Ապահովագրուած Են Խթանիչ Դեղերու Վտանգէն

Հայաստանի մարզիկները ներկայիս ապահովագրուած են խթանիչ դեղեր օգտագործելու հետ կապուած որեւէ վտանգէ եւ ասոր լաւագոյն փաստը այն է, որ վերջին տարիներուն անոնք այսպիսի խնդիրներ չեն ունեցած:

Այս կարծիքը յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան հակատոփինկային ծառայութեան ղեկավար եւ բժշկական գիտութիւններու տոքթ. Արեգ Յովհաննիսեան:

Ան ըսաւ, որ Հայաստանի բոլոր մարզիկները, նախապատրաստուելով միջազգային մրցումներու, համապատասխան խորհրդատուութիւն կը ստանան անհրաժեշտ դեղորայքի օգտագործման վերաբերեալ եւ պարտադիր ստուգումներ կ՛անցընեն ոմանք 2 անգամ, իսկ երբեմն ալ` աւելի:

Ան աւելցուց, որ անցեալին Հայաստան շատ մեծ տուգանքներ վճարեց, երբ ծանրաբարձութեան խաղերուն գործածած էր արգիլուած դեղեր: Ան յոյս յայտնեց, որ նոյնանման սխալներ չեն կրկնուիր:

Խօսելով Հայաստանի դերին մասին` ան ըսաւ, թէ Հայաստան շատ մեծ դեր կը խաղայ հակատոփինկի աշխատանքներուն մէջ, եւ Եւրոպայի ու աշխարհի ախոյեանութիւններուն կը մասնակցին նաեւ հայ մասնագէտներ եւ անոնց կը վստահուին շատ կարեւոր գործեր:

Ան իր խօսքի աւարտին ըսաւ, որ ներկայիս հակատոփինկային աշխատանքները շատ աւելի դժուար են եւ պէտք է աւելի զգուշ եւ լաւ ձեւով հետեւիլ մարզիկներուն, որ անոնք ծուղակի մէջ չիյնան գործածելով շուկային մէջ նոր իջած դեղեր, որոնց մեծամասնութիւնը խթանիչ դեղեր են:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )