Լեւոն Արոնեան Կը Մնայ Աշխարհի Երկրորդ Լաւ Ճատրակ Խաղացողը
Հայաստանի տղոց հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան կը շարունակէ մնալ աշխարհի երկրորդ լաւ ճատրակ խաղացողը:
ՖԻՏԷ ներկայացուց իր վարկանիշերու նոր ցանկը, որուն մէջ Արոնեան 2813 կէտով անգամ մը եւս կը գրաւէ երկրորդ դիրքը: Իսկ առաջին դիրքին վրայ է դարձեալ նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընը:
Առաջին հինգը կ՛ամբողջացնեն Ֆապիանօ Կարուանա, Ալեքսանտր Կրիշչուք եւ Վլատիմիր Քրամնիք:
Այստեղ նշենք Լեւոն Արոնեանի կարգ մը իրագործումները.
– Աշխարհի ախոյեան 2005
– 37-րդ, 38-րդ եւ 40-րդ ողիմպիական խաղերու ախոյեան
– Աշխարհի ախոյեան (խմբային) 2011
– Ֆիշըրի ճատրակի աշխարհի ախոյեան 2006 եւ 2007
– Հայաստանի ախոյեան 2002
– Հայաստանի լաւագոյն մարզիկ 2005 եւ 2006
Եւ շատ մը ուրիշ նուաճումներ
Այժմ ան կը պատրաստուի Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան, որ պիտի սկսի 10 օգոստոսին:


