Սիսի Եգիպտոսի Մէջ Իսլամական Ղեկավարներուն Կը Յայտնէ «Եգիպտական Տագնապի Խաղաղ Լուծման Առիթներ Գոյութիւն Ունին»

Զօր. Ապտել Ֆաթթահ Սիսի

Եգիպտական բանակը յայտարարեց, որ բանակի հրամանատար, առաջին փոխվարչապետ զօր. Ապտել Ֆաթթահ Սիսի հանդիպում ունեցած է իսլամական հոսանքներու կարգ մը ներկայացուցիչներուն հետ եւ անոնց հետ քննարկած երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապը:

Բանակի բանբեր Ահմետ Ալի յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին Սիսի յայտնած է, որ տագնապը խաղաղ կերպով լուծելու առիթներ գոյութիւն ունին, պայմանաւ որ բոլոր կողմերը յանձնառու ըլլան բռնարարքներու մերժման, կառավարական կեդրոններու գործունէութիւնը չխանգարեն կամ պետական կառոյցները չքանդեն:

Աւելի ուշ, Սիսի յայտարարեց, որ «ամերիկեան վարչակարգը Իսլամ եղբայրներուն վրայ ճնշում բանեցնելու միջոցներ եւ մեծ ազդեցութիւն ունի: Կը փափաքիմ, որ անոնք այդ միջոցները օգտագործեն տագնապին վերջ տալու համար»:

Եգիպտոսի վարչապետ Հազեմ Պեպլաուի իր կարգին եգիպտական քաղաքական ուժերուն եւ կուսակցութեանց ներկայացուցիչներուն հետ իր հանդիպումը «արդիւնաւէտ» նկատեց:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկեցին ներքին կացութեան զարգացումները, ինչպէս նաեւ տեսակէտներ փոխանակեցին ներկայ քաղաքական կացութենէն դուրս գալու լաւագոյն միջոցներուն շուրջ:

Անոնք միեւնոյն ժամանակ վստահեցուցին, որ կառչած կը մնան «30 յուլիս»-ի յեղափոխութենէն ետք «ժողովուրդին ուժերուն» կողմէ պատրաստուած ճամբու քարտէսի կէտերուն:

Պեպլաուի բռնարարքները մերժելու եւ տեսակէտներու արտայայտման համար խաղաղ միջոցներ կիրարկելու կարեւորութիւնը ընդգծած է` շեշտելով, որ «կառավարութիւնը իր առաւելագոյն ջանքը կը թափէ եգիպտացիներուն կեանքերը խնայելու նպատակով բռնի ուժ չկիրարկելու համար»:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պատր Ապտելաթի չբացառեց, որ ամերիկացիք եւ եւրոպացիք տագնապին քաղաքական լուծման նախաձեռնութեան մը պատրաստութեան ընթացքին մէջ են: Ան «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «արտաքին կողմերու մտիկ ընելու արգելքներ չունինք: Ասիկա միջնորդութիւն չէ, այլ տեսակէտներու ներկայացում, իսկ վերջնական որոշումը կը տրուի ըստ երկրին շահերուն եւ ազգային ապահովութեան: Սակայն նախ եւ առաջ պէտք է միւս կողմը` Իսլամ եղբայրները դադրին մագլցողական քայլերէն ու բռնարարքներէն, որպէսզի երկխօսութեան առիթ տրուի: Մենք բազմիցս խոստացանք, որ ոչ ոք քաղաքական հոլովոյթէն պիտի մեկուսացնենք, եւ թէ բոլորը հրաւիրուած են մասնակցելու»:

Նշենք, որ Գահիրէի մէջ դատարան մը երէկ Իսլամ եղբայրներու հոգեւոր առաջնորդ Մոհամետ Պատիհի, անոր տեղակալ Խէյրաթ Շաթերի եւ չորս այլ ղեկավարներու` ցուցարարներու սպանութեան ամբաստանութեամբ դատավարութեան թուական ճշդեց 25 օգոստոսը:

Միւս կողմէ, եգիպտական դիւանագիտական աղբիւրներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի  կայանին յայտնեցին, որ Գահիրէ Անգարայի փոխանցած է, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Կազա այցելութեան դասաւորումները չեղեալ նկատուած են:

Մինչ այդ, Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Խալետ պըն Մոհամետ Աթիյէ երէկ Գահիրէ այցելեց, ուր հանդիպում ունեցաւ շարք մը եգիպտացի պաշտօնատարներու հետ` քննարկելով երկկողմանի յարաբերութեանց եւ շրջանային խնդիրներու վերաբերող հարցեր: Նշենք, որ ասիկա Մոհամետ Մուրսիի իշխանութեան տապալումէն ետք քաթարցի պաշտօնատարի մը առաջին այցելութիւնն է Եգիպտոս:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )