«Միացեալ Նահանգներ Մեր Գործընկերն Են» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Haqqin.az կայքէջը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքէջին, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շնորհաւորած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ծննդեան տարեդարձը եւ այդ առիթով անդրադարձած երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն:

«Ազրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ձեւաւորուած յարաբերութիւնները մեզի համար յատուկ նշանակութիւն ունին», կ՛ըսուի Ալիեւի ուղերձին մէջ: Ան գոհունակութիւն կը յայտնէ երկկողմ յարաբերութիւններուն առնչութեամբ, որոնք «զարգացման երկար ճամբայ անցած են»:

Ալիեւ նաեւ ընդգծած է, որ Ազրպէյճանն ու Միացեալ Նահանգները այսօր կը միաւորեն ամուր բարեկամական եւ սերտ համագործակցական յարաբերութիւնները:

«Ուժանիւթի անվտանգութեան ապահովման մարզին մէջ մեր փոխադարձ գործակցութիւնը մեր յարաբերութիւնները բարձրացուցած է ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի», կը նշէ Ազրպէյճանի նախագահը:

Share this Article
CATEGORIES