Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ փափաք յայտնեց ազգային հաշտութեան իսկական կառավարութիւն մը կազմելու` հեռու մրցակցութեան ոճէն:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ կառավարութեան մէջ Հըզպալլայի ներկայութիւնը անոր ստանձնած ազգային պատասխանատուութիւններուն շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հըզպալլայի կողմէ կառավարութեան մաս չկազմելը անոր շահերուն կը ծառայէ:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել դատապարտեց Պաապտան եւ Եարզէն թիրախ դարձուցած հրթիռները` զանոնք նկատելով Լիբանանի դէմ յարձակում: Միւս կողմէ, ան նշեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն գոյութիւնը իր հետեւանքները կ՛ունենայ երկրին ապահովական եւ տնտեսական իրավիճակին վրայ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Եարզէն թիրախ դարձուցած հրթիռները արձակուած են Պշամունի մէջ գտնուող «Եահուտիէ» անունը կրող շրջանէն:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարութիւնը անկարող է ապահովել պետական պաշտօնեաներուն աշխատավարձերը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քերիմ Բագրատունի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման պէտք չէ բացայայտ կերպով կեցուածքներ յայտարարէր Դիմադրութեան զէնքին մասին, որովհետեւ իբրեւ նախագահ անոր պարտականութիւնն է հարցերը լուծել եւ ոչ թէ հարցեր ստեղծել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ ապօրինի զէնքը կը հարուածէ պետութեան եւ անոր հաստատութիւններուն գերիշխանութիւնը:
ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը կոչ ուղղեց իսլամ-քրիստոնեայ հոգեւոր խորհրդաժողով մը գումարելու եւ վերջ տալու բռնագաղթին:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար Ապտել Ռահիմ Մըրատ կոչ ուղղեց կազմելու ազգային կառավարութիւն մը, որ կը ներկայացնէ Լիբանանի մէջ առկայ քաղաքական ուժերուն իսկական կշիռը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ լիբանանեան բանակն է երկրին ազգային կայունութեան եւ սահմաններուն իսկական պաշտպանը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ այն վերլուծումները, թէ լիբանանեան տագնապին լուծումը կարելի է ապահովել սէուտական-իրանեան մերձեցումին հիման վրայ, տրամաբանական են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքին համաձայն, Հըզպալլա անկարելի է, որ բեկանէ զինք ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատող որոշումը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը զօրացնելու քայլը դէպի հզօր եւ արդար պետութիւն ուղղուելու իսկական մուտքն է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան իշխանութենէն անկախ գործելու Հըզպալլայի իրականութիւնը զինք առաջին կասկածելին կը դարձնէ` ապահովական որեւէ խախտումի պարագային:

