Արիտայի Մէջ Բողոքի Ցոյցեր Եւ Սահման Տանող Միջազգային Ճամբու Փակում

Հիւսիսային Լիբանան-Սուրիա Արիտայի սահմանը երէկ փակուեցաւ Արիտայի բնակիչներուն կողմէ` իբրեւ բողոք Քապիր գետը կտրող սուրիացի քաղաքացիի մը սպանութեան դէմ:

Սուրիական բանակին կողմէ Քապիր գետը կտրող սուրիացի քաղաքացիին սպանութիւնը ընդվզեցուցած էր Արիտայի բնակիչները, որոնք փակեցին սահմանային ճամբան` վրաններ լարելով:

Ցուցարարները պահանջեցին լիբանանեան բանակին դիրքաւորումը, ինչպէս նաեւ շեշտեցին այդ դէպքին մասին հետաքննութիւն բանալու անհրաժեշտութիւնը:

Լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն ի գործ դրած ջանքերուն շնորհիւ, բողոքի ցոյցէն ժամեր ետք կարելի եղաւ Արիտայի միջազգային ճամբան վերաբանալ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )