«Նախագահ Սլէյմանի Ճառը Հաշտութեան Եւ Անկեղծ Զրոյցի Սեղանի Մը Յստակ Օրակարգ Կը Նկատուի» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Զղարթայի մէջ ժողովրդային ընդունելութիւն` Ռայի պատրիարքին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ բոլորս կարիքը ունինք ճշմարտութեան, իսկ Միջին Արեւելքը խիստ կարիքը ունի հաւատքի:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած յարանուանական տագնապին, որ երկրին մէջ սահմանադրական սառած վիճակ մը ստեղծած է, լիբանանցիներուն կեանքը պէտք է Աստուծոյ եւ Լիբանանի գոյացութեան ու ապագային հետ ամրապնդել: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն լուծելու երկրին քաղաքական տագնապը` փրկելու համար երկրին տնտեսութիւնը:

Ռայի պատրիարքը աւելցուց նաեւ, որ  ժամանակը հասած է, որ հակառակորդ կողմերը հաշտութեան եւ անկեղծ զրոյցի սեղանի մը շուրջ գտնուին: Այս առումով Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ բանակի հիմնադրութեան տօնին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ճառը հաշտութեան եւ անկեղծ զրոյցի սեղանի մը յստակ օրակարգ կը նկատուի:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը շաբաթ երեկոյեան հովուապետական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Զղարթայի Ալֆրէյտիս եւ Մազրաաթ Նահըր շրջանները, ուր հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքին ճակատագիրին հետ խաղալը Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն ճակատագիրին հետ խաղալ կը նշանակէ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )