Քոնելլի Ողջունեց Նախագահ Սլէյմանի Կեցուածքները

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի հարցազրոյցի մը ընթացքին ողջունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կեցուածքները` աւելցնելով, որ նախագահ Սլէյմանի վարուելակերպը բացառիկ է, որովհետեւ ան կը համապատասխանէ լիբանանցիներուն ձգտումներուն եւ կը գործէ ի խնդիր Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան:

Քոնելլի զօրակցութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանին` շեշտելով, որ հակառակ Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական խախտումներուն, երկրին ապահովական կայունութիւնը կանգուն կը մնայ:

Ան հաստատեց, որ ամերիկեան կառավարութիւնը պիտի շարունակէ զօրակցիլ լիբանանեան բանակին զինումին:

Share this Article
CATEGORIES