Թրիփոլիի Քաղաքացիներ Սուրիոյ Մէջ Կը Սպաննուին` Քաղաքական Գործողութեան Մը Ընթացքին
Թրիփոլիի Մանքուպին շրջանի քաղաքացիներ Մոհթասեմ եւ Հասան Տիպ, որոնք եղբայրներ են եւ շուէտական քաղաքացիութիւն կը կրեն, Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիր ուժերու կողքին մասնակցեցան սուրիական բանակին դէմ զինուորական գործողութեան մը, որուն ընթացքին անոնք սպաննուեցան:
Ըստ Լիբանան հասած տեղեկութիւններուն, անոնք մասնակցեցան Հոմսի «Հոսըն» բերդին մօտ գտնուող սուրիական բանակին անցարգելին դէմ գործուած յարձակումի մը:
ԱՖՓ լրատու գործակալութեան համաձայն, 18-ամեայ Մոհթասեմ Տիպ ականուած ինքնաշարժով մը ինքզինք պայթեցուց սուրիական բանակի անցարգելին մօտ, իսկ 21-ամեայ Հասան Տիպ սպաննուեցաւ ականուած ինքնաշարժին պայթումէն ետք գործուած յարձակումին ընթացքին:
Մոհթասեմ ութ ամիսէ ի վեր արդէն իսկ փոխադրուած էր Հոմս, իսկ Հասան անոր միացած էր երկու ամիս առաջ:
Տիպ ընտանիքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ գուժեց իր զաւակներուն մահը եւ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ իր զաւակներուն նահատակութեան առիթով շնորհաւորութիւններ կ՛ընդունի Թրիփոլիի մէջ:

