Սապունճեան Նախագահեց «Սէ. Ի. Թէ.» Արհեստից Վարժարանի Աւարտական Հանդէսին

Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, «Սէ. Ի. Թէ.» արհեստից վարժարանը կազմակերպեց իր աւարտական հանդէսը, որուն ընթացքին նշուեցաւ նաեւ վարժարանին հիմնադրութեան 50-ամեակը:

Նախագահ Սլէյմանի ներկայացուցիչ, ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան իր արտասանած խօսքին մէջ հաստատեց հանրապետութեան նախագահին յանձնառութիւնը` Լիբանանի մէջ արհեստից ուսման զարգացման նկատմամբ:

Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ «Սէ. Ի. Թէ.»-ն իբրեւ կրթական հաստատութիւն գործակցութեան համաձայնագիր մը ունի ճարտարարուեստի նախարարութեան հետ, ինչպէս նաեւ կրթական իր ծրագիրին մէջ մանրամասնութեամբ կը ծանօթանայ լիբանանեան ճարտարարուեստին:

Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ իր տեսակին մէջ այս համաձայնագիրը առաջինն է, որ ստորագրուած է` աւելցնելով, որ անիկա կը միտի աշակերտներուն մօտ դրական մշակոյթ մը տարածել` լիբանանեան ճարտարարուեստին եւ երկրին տնտեսական մարզին մէջ անոր բերած ներդրումին մասին:

Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը «Սէ. Ի. Թէ.»-ի աշակերտներուն համար աշխատանքային այցելութիւններ կը կազմակերպէ դէպի տարբեր գործարաններ` դիւրացնելու համար անոնց աշխատանքի կարելիութիւնները:

Վ. Սապունճեան կոչ ուղղեց կերտելու այնպիսի սերունդ մը, որ իր ներդրումը ունենայ երկրին արդիւնաբերութիւնը բարելաւելու, ինչպէս նաեւ ճարտարարուեստի, տարբեր արհեստներու, արուեստի ու ծառայութիւններու բարգաւաճման առումով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )