Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Թղթածրարը Բարդութիւններու Դիմաց Կը Գտնուի

Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումին նպատակով «Հիւսիսային փոթորիկ փաղանգ»-ին հետ առկայ բանակցութիւններուն ծիրին մէջ երէկ արձանագրուեցաւ բարդութիւն մը, երբ նոյն փաղանգին կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը:

Հաղորդագրութեան մէջ պահանջուեցաւ սուրիական բանտերէն ազատ արձակել իգական սեռին պատկանող այն արգելափակեալները, որոնք իրենք ճշդած են, որպէսզի կարելի ըլլայ նախքան Ֆիթրի տօնը լիբանանցի առեւանգեալներէն երկուքը ազատ արձակել:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ իրենց պահանջած 307 արգելափակեալներէն միայն 127-ն խոստացուած է ազատ արձակել, եւ իրենք համաձայն գտնուած են: Սակայն Լիբանանի մէջ Իրանի կուսակցութիւնը շարունակած է իր մարտիկները ղրկել Սուրիա եւ ռմբակոծել Ռիֆ Հալէպը:

«Հիւսիսային փոթորիկ փաղանգ»-ը կը հաստատէ.

ա) Իրենք ոչինչի շուրջ բանակցութիւններ պիտի կատարեն առանց իգական սեռի բոլոր բանտարկեալներուն ազատ արձակումը` սուրիական բանտերէն, բ) Ասատի վարչակազմին հետ բանակցութիւնը կը վարէ միայն այդ նպատակով կազմուած միջազգային յանձնախումբը, գ) եթէ Իրանի կուսակցութիւնը կը փափաքի, որ մենք Ֆիթրի տօնէն առաջ ազատ արձակենք արգելափակուած լիբանանցիները, ապա ան պէտք է ջանայ ազատ արձակել ճշդուած կին բանտարկեալները:

Այս շրջագիծին մէջ, նոյն թղթածրարին հետեւող դէտեր յայտնեցին, որ ամէն անգամ, երբ լիբանանեան կողմը կը ջանայ յառաջդիմութիւն մը արձանագրել, լիբանանցիները առեւանգող կողմը նոր խոչընդոտներ կը ստեղծէ, իսկ թրքական կողմը բանակցութիւնները չի դիւրացներ:

Միւս կողմէ, առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին հետեւող շիիներու գերագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչ շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ Հըզպալլա առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին պարագային բանակցող կողմ չէ, որպէսզի անոր պահանջներ ներկայացուին, ինչպէս որ կատարուած է վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:

Շէյխ Զղէյպ յայտնեց, որ լիբանանցի ուխտաւորներուն առեւանգումը հովանաւորող թրքական կողմը պատասխանատու է առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումին բանակցութիւնները վարելու:

Ան ըսաւ, որ «Հիւսիսային փոթորիկ փաղանգ»-ին հաղորդագրութիւնը այլ փաստ մըն է, որ առեւանգող կողմը թրքական գաղտնի սպասարկութեան եւ կառավարութեան ցուցմունքներուն հետեւելով կը ձգձգէ լիբանանցիներուն ազատ արձակումը:

««Հիւսիսային փոթորիկ փաղանգ» կոչուող խմբաւորումը առեւանգումի եւ միջազգային ահաբեկչութեան հովանաւոր թրքական պետութեան մօտ պահակներու հաւաքածոյ մըն է: Իսկ առեւանգուած լիբանանցիներէն մէկուն փորձանքի մը ենթարկուելուն պարագային թրքական կառավարութիւնը սուղ պիտի վճարէ իր գործած արարքին գինը», եզրափակեց շէյխ Զղէյպ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )