Մեժտալիունի Մէջ Իֆթար` Ի Պատիւ Բանակին
Երեսփոխան Պահիա Հարիրի շաբաթ երեկոյեան Սայտայի Մեժտալիուն պալատին մէջ սարքեց իֆթար մը` ի պատիւ լիբանանեան բանակին:
Իֆթարին ներկայ գտնուեցան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, զինուորականներ եւ հոգեւորականներ:
Իֆթարին ընթացքին Պահիա Հարիրի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ բանակը երկիրն է եւ ոչ թէ կուսակցութիւն մը: Ան ընդգծեց, որ Լիբանան կարիքը ունի պաշտպանութեան մասնագիտական ռազմավարութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ ճշդել Լիբանանի զօրութիւնն ու տկարութիւնը յատկանշող կէտերը:
Իր խօսքը ուղղելով զօր. Ժան Քահուաժիի` Հարիրի ըսաւ. «Բանակն է լիբանանեան պետութեան մնացորդացին իսկական պահապանը: Ձեր հայրենասիրութեամբ, զոհողութիւններով, նահատակներով, քաղաքացիներուն անվտանգութեան նկատմամբ ձեր յանձնառութեամբ եւ ամուր կեցուածքով կրնաք փրկել լիբանանցիներուն երազը` կերտելով լիբանանեան հզօր պետութիւնը: Իսկ ձեր ճակատագիրն է հանդուրժել բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ ձեր վրայ բանեցուած ճնշումները, որովհետեւ դուք էք լիբանանեան պետութեան գոյատեւումը ապահովող միակ յոյսը»:
Իֆթարի աւարտին Հարիրի զօր. Քահուաժիի յանձնեց Թաէֆի զինանշանը: