Լուրեր Ճատրակի Աշխարհէն

Զուիցերիոյ Պիել քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի մրցաշարքին, հայազգի ճատրակ խաղացող կրանտմասթըր Տիգրան Ղարամեան առաւելագոյն 11 կէտերէն հաւաքեց 7.5 կէտ եւ գրաւեց հինգերորդ դիրքը 85 մասնակիցներու մէջ: Ախոյեանութիւնը շահեցաւ հնդիկ կրանտմասթըր Փենթալա Հարիքրիշնա:

Նոյն Պիել քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ուրիշ մրցաշարքի մը, հայազգի 18 տարեկան Էդուարդ Սայատեան առաւելագոյն 9 կէտերէն հաւաքեց 8.5 կէտ եւ 143 մասնակիցներու մէջէն հանդիսացաւ մրցաշարքին ախոյեանը:

Մինչ այդ, Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցած աղջկանց ճատրակի Եւրոպայի ախոյեանութեան երրորդ դիրքը գրաւեց հայազգի ճատրակ խաղացող կին կրանտմասթըր Լիլիթ Մկրտչեան եւ ստացաւ պրոնզ մետալ մը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )