Պրենտըն Ռոճըրզի Կարծիքը` Պէյլի Հարցով
Անգլիական Լիվըրփուլ ակումբի գլխաւոր մարզիչ Պրենտըն Ռոճըրզ յայտարարեց, որ իր խումբի յառաջապահ Լուիս Սուարեզի գինը աւելի աժան է, քան Պէյլի գինը:
Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր խաղացող ունի իր արժէքը, սակայն անցեալ տարեշրջանի լաւագոյն խաղացողներուն մէջ կը գտնուէր նաեւ Սուարեզ, սակայն Ռոճըրզ շեշտեց, որ անկարելի է, որ Պէյլի գինը Սուարեզի գինին կրկնապատիկը ըլլայ:
Յիշեցնենք, որ Պէյլի համար Ռէալ Մատրիտ պատրաստ է աւելի քան 100 միլիոն եւրոյի գումար մը վճարելու:
Իր խօսքի աւարտին ան ըսաւ, թէ յոյսով է, որ ոչ ոք կը լքէ խումբը, եւ կը ցանկայ, որ Սուարեզ ամբողջովին կեդրոնանայ Լիվըրփուլի վրայ:
CATEGORIES Մարզական