Լեպրըն Ճէյմս Կը Մտածէ Գլխաւորել «Էն. Պի. Էյ.»-ի Պասքեթպոլիստներու Ֆետերասիոնը
«Էն. Պի. Էյ.»-ի վերջին երկու տարիներու լաւագոյն պասքեթպոլիստ Լեպրըն Ճէյմս լրջօրէն կը մտածէ գլխաւորել ամերիկեան մրցաշարքի պասքեթպոլիստներու ֆետերասիոնը: Այս լուրը կը հաղորդեն ամերիկեան լրատուական միջոցները:
Խօսելով ներկայ տնօրէն Տերեք Ֆիշըրի մասին, նշենք, որ ան աւարտեց իր արհեստավարժ ասպարէզը, իր լիազօրութեան ժամկէտը շուտով կ՛աւարտի եւ շատ փոքր հաւանականութիւն կայ, որ ինք շարունակէ ներկայացնել պասքեթպոլիստներու շահերը:
Կը խօսուի, թէ Ճէյմսի նշանակումով, ֆետերասիոնը աւելի դիւրութեամբ կրնայ աշխատիլ եւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ լաւագոյն խաղացողներ ներգրաւելը աւելի կը դիւրանայ:
CATEGORIES Մարզական