Տեմփսի Կը Տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ

Քլինթ Տեմփսի

Անգլիական Թոթենհամ ակումբի ամերիկացի միջնապատ Քլինթ Տեմփսի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Ամերիկայի մէջ:

Ան Թոթենհամը լքելով պիտի միանայ Սիաթըլ Սաունտըրս խումբին: Երկու ակումբները համաձայնութեան եկան 30-ամեայ խաղացողին փոխանցման գծով:

Յայտնենք, որ Տեմփսի Թոթենհամի միացաւ 2012 թուականի ամրան եւ անցեալ տարեշրջանին  մասնակցեցաւ 29 խաղերու` նշանակելով 7 կոլ եւ կատարելով 4 կոլի փոխանցում:

Պէտք է նշել նաեւ, որ Անգլիա փոխադրուելէն առաջ ան կը խաղար ամերիկեան «Նիւ Ինկլընտ Ռեվոլիուշըն» խումբէն եւ բաւական լաւ ծանօթ է այս ախոյեանութեան:

Share this Article
CATEGORIES