Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ «Նայքի» Շատ Հաւանաբար Բաժնուին

2013-2014 տարեշրջանի աւարտին կ՛աւարտի նաեւ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ակումբի  եւ ամերիկեան «Նայքի» ընկերութեան միջեւ պայմանագիրը:

2014-2015 տարեշրջանէն սկսեալ Փարիզի ակումբը մտադիր է իր հովանաւորէն ստանալ 20-30 միլիոն եւրօ: Սակայն «Նայքի» պատրաստ չէ այդ գումարը վճարելու ֆրանսական ակումբին, որովհետեւ ներկայիս անոնք միայն 6 միլիոն եւրօ կը վճարեն:

Այսպիսով, Փարիզ Սեն Ժերմեն կրնայ բանակցութիւններու մէջ մտնել «Ատիտաս»-ի կամ «Փումա»-ի հետ եւ պատճառ դառնալ իր եւ «Նայքի»-ի միջեւ 25 տարուան կապին վերջ մը դնելուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )