«Էլեքթրոնիք Արթս Սփորթս» Ընկերութիւնը Դարձաւ Լիվըրփուլի Պաշտօնական Գործընկերը
Անգլիական Լիվըրփուլ ակումբը յայտարարեց, որ եռամեայ պայմանագիր մը ստորագրած է «Էլեքթրոնիք Արթս» ընկերութեան հետ, եւ այսպիսով այս ընկերութիւնը կը դառնայ 2013-2014 տարեշրջանի Լիվըրփուլի պաշտօնական գործընկերը:
Կը նշուի, որ Լիվըրփուլի դաշտին` Անֆիլտի մէջ տեղի ունենալիք խաղերու ընթացքին, համակիրները առիթ պիտի ունենան «ՖԻՖԱ 14» խաղը խաղալու:
CATEGORIES Մարզական