Շաարաուի. «Երբեք Պիտի Չլքեմ Միլանը»
Իտալական «Ֆութպոլ Իտալիա» լրատուամիջոցը կը յայտնէ, որ Միլանի յառաջապահ Սթեֆան Շաարաուի չի զղջար, որ ինք առիթը կորսնցուցած է Անգլիա տեղափոխուելու:
Լրատուական միջոցները կը յայտնեն, որ Միլանի ֆութպոլիստը հրաժարած է միանալ Անգլիական ախոյեանութեան ակումբներէն մէկուն, եւ ըստ խօսակցութեան, այդ ակումբը Չելսին է:
Ան ըսաւ, որ ինք միշտ վստահ եղած է իր որոշումներուն մէջ, եւ այդ պատճառով է, որ բնաւ չի մտածեր հեռանալ Միլանէն:
Ան աւելցուց ըսելով, որ ինք մանկութենէն եղած է Միլանի համակիր եւ իր երազն է խաղալ այս ակումբին շապիկը կրած ու պատմութիւն կերտելու համար մտադիր է երկար ժամանակ մնալ ակումբին մէջ: Շաարաուի նոյնիսկ ըսաւ, թէ կը մերժէ Ռէալ Մատրիտի միանալը:
CATEGORIES Մարզական


