Նելսոն Ստեփանեանի Անուան Սամպոյի Մրցաշարքը Աւարտեցաւ
Երեւանի մէջ աւարտեցաւ Խորհրդային Միութեան յայտնի օդաչու Նելսոն Ստեփանեանի անուան սամպոյի աւանդական չորրորդ միջազգային մրցաշարքը: Այս մրցաշարքը նուիրուած էր Ստեփանեանի ծննդեան 100-ամեակին:
Նշենք յաղթող մարզիկներուն անունները.
60 քկ կշիռքի խաղերուն յաղթական դուրս եկաւ հայազգի մարզիկ Վոլոտիա Սարգսեան: Ան աւարտական մրցումին յաղթեց Խաչատուր Սարգսեանին:
Յաջորդաբար 70 եւ 81 քկ կշիռքի խաղերուն երկրորդ հանդիսացան հայազգի մարզիկներ Տիգրան Օհանեան եւ արցախցի Մարատ Գիրգորեան:
52 քկ կշիռքի խաղերուն յաղթական դուրս եկան վրացի մարզիկները:
Եւ վերջապէս, յաջորդաբար 56 եւ 48 քկ կշիռքի խաղերուն յաղթանակ կերտեցին հայազգի մարզիկներ` արցախցի Էռնեստ Հայրապետեան եւ Տիանա Աղաճանեան:
Յիշեցնենք, որ այս մրցաշարքին մարզիկներ մասնակցեցան եօթը տարբեր երկիրներէ` Հայաստանէն, Արցախէն, Վրաստանէն, Ռուսիայէն, Յունաստանէն, Լաթվիայէն եւ Ռումանիայէն եկած 150-է աւելի մարզիկներ:

