ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.- ՄԱՎԸՐԻՔՍ – ՀԻԹ` 1 – 1
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ` Մայեմի Հիթի եւ Տալաս Մավըրիքսի միջեւ:
Հիթ, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրած էր, երկրորդին, երէկ, երկու կէտի տարբերութեամբ` 95-93 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր մրցակիցէն: Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ անոնց միջեւ արդիւնքը ըլլայ 1 – 1 հաւասարութիւն:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տըրք Նովիթցքի նշանակեց 24 կէտ, իսկ Տուայն Ուէյտ (Հիթ) 36 կէտ:
Երկու կազմերուն միջեւ երրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի օր` Տալասի մէջ:
CATEGORIES Մարզական