ԹԵՆԻՍ. ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿՐԱՆ ՇԼԵՄԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՎԱՂԸ` ՆԱՏԱԼ – ՖԵՏԵՐԵՐ ՍՔԱՆՉԵԼԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ

Ռաֆայէլ Նատալ (աջին) եւ Էնտի Միւրէյ

Ֆրանսայի թենիսի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան տղոց կիսաւարտականի ճակատումները:

Վաղը` կիրակի, 5 յունիսին, աւարտական մրցումը պիտի ըլլայ սքանչելի` նկատի ունենալով, որ թիւ 1 դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ եւ 3-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր պիտի ճակատին իրարու դէմ:

Ֆետերեր կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 7 – 6, 6 – 3, 3 – 6 եւ 7 – 6 արդիւնքով յաղթեց 2-րդ դասուած սերպ Նովաք Տիոքովիչի: Այս յաղթանակը կարեւոր էր, որովհետեւ վերջին 42 մրցումներուն Տիոքովիչ պարտութիւն կրած չէր:

Ռոժէ Ֆետերեր (ձախին) եւ Նովաք Տիոքովիչյ

Աւարտականին ան իր դէմ պիտի ունենայ տիտղոսակիր Նատալը, որ 6 – 4, 7 – 5 եւ 6 – 4 արդիւնքով յաղթեց 4-րդ դասուած անգլիացի Էնտի Միւրէյի:

Նշենք, որ Միւրէյ կը փորձէր Պանի Օսթինէն ետք (1937) հանդիսանալ առաջին անգլիացին, որ այս մրցաշարքի աւարտականին պիտի հասնէր:

Share this Article
CATEGORIES