Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Մնացէք ձեր սկզբունքին վրայ, որովհետեւ դուք միայն գիտէք ձեր ներքին հարցերը, ձեր կարողութիւնը եւ ձեր կարելիութիւնը: Ուրիշին խօսքին մի հետեւիք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Գտած էք այն անձը, որուն հետ կրնաք երկխօսութեամբ իրագործել ձեր ծրագիրը: Օրը ունի նպաստաւոր պայմաններ եւ ինքնավստահ տրամադրութիւն:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ծովն ու լողալը լաւագոյն միջոցներն են իբրեւ մարզանք: Օգտուեցէք ամրան արեւէն, ծովուն բարիքէն, բայց չափաւորութեամբ: Լաւ քնացէք: Ուրախ եղէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գոհունակութիւնը ներքին խաղաղութիւն կու տայ: Աւելիին ցանկալը խանդավառութեան արդիւնք է, բայց նոյն ատեն պէտք է ըլլաք իրատես, հանդարտ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Որքան որ կրնաք հեռու մնացէք այնպիսի անձերէ, որոնց պարզ խօսքն իսկ կը ջղայնացնէ: Պոռոտախօսները չեն կրնար ձեզի ուղղութիւն տալ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեզի յանձնուած պարտականութեան տէրը եղէք, առանց չափազանցելու եւ յաւելեալ պարտականութիւն ստանձնելու: Չափաւորութիւնը ընտրեցէք իբրեւ աշխատանքի սկզբունք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Գիտակցեցէք ձեր ուժին, ձեր կարողութեան եւ կարելիութեան: Յաւելեալին ձգտիլը այս օրերուն անիմաստ է: Ընտրեցէք ձեր խառնուածքին յարմար բարեկամներ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ճամբորդութեան մը կը պատրաստուիք: Խուսափեցէք աւելորդ ծախսերէ, յաւելեալ ծանրութիւններէ: Ձեր ճամպրուկը թեթեւ թող կշռէ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ կ՛ուզէք համերաշխ եւ խաղաղ ապրիլ ձեր շրջապատին հետ, ջանացէք լաւապէս ճանչնալ իւրաքանչիւր անձին բնաւորութիւնը եւ մի ընդդիմանաք անոր կարծիքին:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
«Բարիք ըրէ, ջուրը նետէ», կ՛ըսէ առածը: Ձեր կատարած բարիքին համար մի ափսոսաք, նոյնիսկ եթէ հասկցող չկայ: Օր մը անպայման պիտի վարձատրուիք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հեռու երկիր ապրող ձեր հարազատներուն հետ նոր կապ մը պիտի հաստատէք: Զանոնք տեղեակ պահեցէք ձեր իրագործումներուն մասին: Ուշադիր եղէք ձեր կերած-խմածին:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մանկավարժութիւնը կը յարմարի ձեր գիտելիքներուն եւ ձեր փափաքին: Մանուկներու հետ գործ պիտի ունենաք, ծնողք ըլլաք թէ ամուրի անձ:

Share this Article
CATEGORIES