50 Տարի Առաջ (6 Օգոստոս 1963)

Տոմսեր

Չարիքի Բոյնին Մէջ

Երկա՜ր, երկար տարիներէ ի վեր մարդիկ զինաթափութեան մասին մտածած են եւ բաւական շամփանիա պարպած` այդ հարցին կենացը…

1899-ին, ցար Նիքոլայի կարգադրութեամբ, տեղի ունեցաւ առաջին միջազգային զինաթափութեան ժողովը, «Հէյկ»-ի մէջ: Ու լեռը ծնաւ մուկն չնչին` Միջազգային դատարան մը…

1907-ին այլ ժողով մը տեղի ունեցաւ միեւնոյն վայրին մէջ, եւ ասիկա աւելի ապիկար բան մը եղաւ: Եօթը տարի վերջ բռնկեցաւ Ա. Համաշխարհային պատերազմը, եւ ցար Նիքոլան ցնդեցաւ յօդս` իր խաղաղասիրակա՜ն երազներով…

Բ. Համաշխարհային պատերազմն ալ նախորդուեցաւ մէկ քանի զինաթափութեան ժողովներով, որոնք աւելի թոնիրի խօսակցութեան կը նմանէին, քան թէ` ժողովի…

Երբ հիւլէական ռումբը վերջ տուաւ Բ. պատերազմին, այլեւս մարդիկ, պայուսակ ի ձեռին, բռնեցին Ժընեւի ճամբան:

Եթէ հարցնելու ըլլայիք, թէ ո՞ւր կ՛երթան:

– Մենք մեծ գործ ունինք կատարելիք,- կը պատասխանէին գիտնականներն ու քաղաքական դէմքերը:- Կ՛երթանք հիւլէին գլուխը ճզմելու: Եթէ մենք իր գլուխը չկարենանք ճզմել, ինք մեզ եւ ձեզ պիտի ճզմէ…

Այդ մարդիկը, իրենց տէրերէն շնորհք եւ ամսական ստանալով, ուժ կու տային շամփանիային եւ բաժակաճառին, մինչ հիւլէն միեւնոյն տէրերէն շնորհք գտնելով` կ՛աճէր ու կը մեծնար…

Բայց այս օրերուս բոլորին բերանն է…

– Մարդիկը համաձայներ են. այլեւս, ո՛չ օդին, ո՛չ ջուրին եւ ո՛չ իսկ անջրպետին մէջ հիւլէական փորձ տեղի պիտի ունենայ…

Ես կը կարծեմ, թէ այս համաձայնութեան պատճառը մէկ է. ժողովը նոյնինքն չարիքի բոյնին մէջ ըրին եւ համաձայնեցան…

Ցարդ մարդիկ Ժընեւ կ՛երթային, այդ ոչ թէ խաղաղութեան, այլ` խեղկատակութեան բոյնը, եւ ձեռնունայն կը վերադառնային:

Ողորմած հոգի Ազգերու լիկան հոն չէ՞ր, որ ծնաւ: Այդ խեղճ Լիկան, որուն հայրը (Ուիլսըն) երբեք բախտը չունեցաւ իր արդէն իսկ հիւանդկախ ծնած զաւկին հոգ տանելու: Քոնկրեսը արգիլեց… Եւ ինչպէս յայտնի է, խեղճ Լիկան իր հոգին աւանդեց բազմաթի՜ւ բժիշկներու գրկին մէջ… Սակայն երբ մարդիկ ՄԱԿ-ը Քոնկրեսի քթին տակ տնկեցին, այլեւս Քոնկրեսը պոչը քաշեց…

Միեւնոյն կերպով, երբ հիւլէական ժողովը Խրուշչեւի կօշիկին մէջ գումարուեցաւ, անմիջապէս համաձայնութիւն գոյացաւ:

Հիմա տը Կոլն է, որ գլուխ կը քաշէ եւ «չեմուչեմ» կը պարէ:

Թո՛ղ յաջորդ ժողովի սեղանը տարածուի իր քթին վրայ, եւ կը տեսնենք, թէ կը համաձայնի՞, թէ՞ ոչ…

ԳԵՒՕ

 

Հետաքրքրական

Թեւերով Ինքնաշարժ

Արագ շրջադարձ կատարելու ատեն ինքնաշարժները, սովորաբար, արկածներու կ՛ենթարկուին: Պատճառը այն է, որ կը կորսնցնեն իրենց յենարանը:

Ծանօթ է, որ օդանաւերը կը կատարեն ամէնէն անհաւանական շրջադարձերը` յենելով միայն օդին վրայ: Անշուշտ` շնորհիւ իրենց թեւերուն: Ռուս մասնագէտ մը շինած է ինքնաշարժ մը` երկու ուղղահայեաց թեւերով, որոնք շրջադարձի մը պարագային թեթեւ մը կը թեքուին ու յառաջ կը բերեն այերօտինամիք ուժ, որուն շնորհիւ կը հաւասարակշռուի ինքնաշարժին շարժումը, նաեւ թեւերուն գործածութիւնը կը կատարուի ինքնաշխատ ձեւով` զսպուած ղեկին հետ:

Անունները Կը Փոխեն

Չեխոսլովաքիոյ մէջ քսանչորս պատանիներ պատկան իշխանութեանց դիմում կատարած են իրենց անունները փոխելու համար: Անոնց դիմումը ընդունուած է եւ բոլորն ալ փոխած են իրենց անունը, որ Ստալին էր:

 

Հայ Դատի Յանձնախումբին Նամակը
Նախագահ Քենետիին

 

ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբը հետեւեալ նամակը ուղղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճոն Ֆ. Քենետիի, «Գերեալ ազգերու շաբաթ»-ին առիթով.-

«Հայ դատի յանձնախումբս ձեզի կը յայտնէ իր շնորհակալութիւնները` «Գերեալ ազգերու շաբաթ»-ի ձեր Յայտարարութեան առթիւ:

«Ազատ հայ մամուլը արձագանգ եղած է արդէն մեր յայտարարութեան, որ ազատատենչ մեր ժողովուրդին կողմէ խանդավառ ընդունելութիւն գտած է:

«Ձեր յայտարարութեան այն հատուածը, որ անգամ մը եւս կ՛ընդգծէ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի նուիրականութիւնը եւ կը շեշտէ ազատութեան պայմանագրական կարեւորութիւնը` մեզի կ՛ընծայէ ամէն երաշխիք, թէ ոչինչ փոխուած է ամերիկեան քաղաքականութեան հիմնական ձգտումին մէջ, ապահովելու բոլոր մարդոց եւ ժողովուրդներու անկախութիւնը եւ ազատութիւնը.- ասոնց կարգին` յատկապէս Խորհրդային Միութեան կողմէ բռնի ուժով գերուած ոչ ռուս ազգերու ազգային անկախութիւնը:

«Ձեր յայտարարութիւնը նպաստ մըն է համաշխարհային խաղաղութեան դատին եւ Միացեալ Նահանգներու ապահովութեան»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES