Տեղեկութիւն` Մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեանի Յետվիրաբուժութեան Ապաքինման Մասին

ԳՈՀԱՐ-ի մեծ ընտանիքը կը փափաքի հաղորդել իր սիրելի համակիրներուն, հանդիսատեսներուն, հետեւողներուն եւ գնահատողներուն,  թէ մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեանը ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան մը հինգ շաբաթներ առաջ: Ան ընդհանուր առողջապահական բուժումի ենթարկուելէ ետք, կարճ ժամանակով կազդուրման կեդրոնի մը մէջ հանգչեցաւ ու ներկայիս վերադարձած է իր առօրեայ կեանքին ու կը գտնուի իր բնակարանը` Նիկոսիա, Կիպրոս, ուր կը վերականգնէ իր կորովն ու քաջառողջութիւնը, որպէսզի մօտ օրէն վերադառնայ ԳՈՀԱՐ-ի ղեկավարման փորձերուն:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեր բարի մաղթանքներուն:

5 օգոստոս, 2013

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )