ՀՄԸՄ-Ի ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՎԱՂԸ Կ՛ԱՒԱՐՏԻՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՃԱԿԱՏՈՒՄՆԵՐՈՎ
Վաղը` կիրակի, 5 յունիսին կ՛աւարտի ՀՄԸՄ-ի երկրորդական խումբերու ֆութպոլի մրցաշարքը, երբ տեղի կ՛ունենան աւարտական չորս ճակատումները: Այս մրցումներուն զուգահեռ տեղի պիտի ունենայ նաեւ հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին ՀՄԸՄ-ի վեթերանները` բաժնուած երկու խմբակի:
Նշենք, որ նախքան այս մրցումներուն սկսիլը, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին տեղի պիտի ունենայ տողանցք` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ:
Իսկ աւարտական վերջին մրցումէն ետք տեղի պիտի ունենայ բաժակներու եւ մետալներու մրցանակաբաշխութիւն:
Յատուկ յուշանուէրներ պիտի ստանան նաեւ ՀՄԸՄ-ի վեթերանները, որոնք անցեալին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին անունը պահած են բարձր:
ՀՄԸՄ-ի ընտանիքէն եւ ի մասնաւորի ֆութպոլասէրներէն կ՛ակնկալուի վաղը ուղղուիլ «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտ եւ այս եզակի օրուան հանդիսութեան ներկայ գտնուիլ:
Ստորեւ կու տանք յայտագիրը.
ԺԱՄԸ 16:00
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռոստոմ Աքատեմիա (1999-ի ծնունդ եւ վեր)
ԺԱՄԸ 17:00
ՀՄԸՄ Այնճար – ՀՄԸՄ Անթիլիաս (1996-1997-1998-ի ծնունդ)
ԺԱՄԸ 18:00
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (Դրօ) – ՀՄԸՄ Անթիլիաս (Գարեգին Նժդեհ) – (1993-1994-1995-ի ծնունդ)
ԺԱՄԸ 19:00
Վեթերաններ – 1 – Վեթերաններ – 2
ԺԱՄԸ 20:00
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (Դրօ) – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (Սարդարապատ) – (1992-ի ծնունդ եւ վար)