ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՍԱՐՔԵՐՈՒ ՆՈՐ ԲԵՌՆԱՐԿՂ ՄԸ Կ՛ՈՒՂԱՐԿՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Արմէն Թոփուզեան, տոքթ. Ռոպերթ Խաչատուրեան եւ Յովակիմ Մանուկեան` բեռնարկղը լեցնելու պահուն

Մայիսի կէսերուն Երեւան հասաւ Հայ օգնութեան միութեան կողմէ ուղարկուած բժշկական սարքերու նոր խմբաքանակ մը:

Տիթրոյիթի մէջ քանի մը հայ ազգայիններու լրիւ տարի մը գործադրած ճիգերուն շնորհիւ, ՀՕՄ-ը յաջողած էր զանազան ատամնաբուժներէ ստանալ չորս ատամնաբուժարաններ` ատամնաբուժական աթոռ, շողարձակման ու հականեխումի սարքեր եւ այլն: Ստացուած սարքերու կողքին էին որոշ քանակութեամբ դեղեր եւ յարակից մասեր:

Այս սարքերուն կողքին, ՀՕՄ-ը ստացած էր նաեւ ակնաբուժական զանազան սարքերով օժտուած կայան մը` որոշ քանակութեամբ ակնոցներով ու համապատասխան ապակիներով:

Այս բոլոր իրերը, Հայկական միացեալ ֆոնտին միջոցով բեռնարկղով մը ճամբուեցան դէպի Հայաստան: Ատամնաբուժական կայաններէն մէկը պիտի յատկացուի ՀՕՄ-ի Ախուրեանի «Մօր ու մանկան» կեդրոնին, մէկը` Ջաւախքի, իսկ մնացեալ երկու ատամնաբուժական կայաններն ու ակնաբուժական սարքերը` ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան հայեցողութեամբ բարեսիրական ծառայութիւն մատուցող առողջապահական հիմնարկներու:

«Ընդգծուած ձեւով կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Արմէն Թոփուզեանին եւ տոքթ. Ռոպերթ Խաչատուրեանին, առանց որոնց ճիգին անկարելի պիտի ըլլար մեզի համար այս սարքերը ձեռք ձգել, ապա մշակել այնպէս, որ կարելի ըլլայ զանոնք ապահով ու փոխադրելի դարձնել եւ հասցնել Հայաստան», յայտնեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Շաքէ Պասմաճեանը, որ իր կարգին Տիթրոյիթի բնակիչ ըլլալով` ամիսներ աշխատած էր խնդրոյ առարկայ իրերը պատրաստելու եւ Հայաստան տեղափոխելու համար: «Շնորհակալութիւն նաեւ Միացեալ Նահանգներու Միշիկըն նահանգէն Բարսեղեան ընտանիքին, որ ակնաբուժական սարքերն ու իրերը յատկացուց ՀՕՄ-ին», շարունակեց Շաքէ Պասմաճեան:

Այստեղ կ’արժէ նշել, որ բժշկական սարքերու կողքին, նոյն բեռնարկղով Հայաստան ուղարկուած էին երեխաներու յատուկ շուրջ չորս հարիւր բարեկենդանի տարազներ, որոնք տրամադրուած էին Ուսթըրի մէջ գործող եւ Արուանիկեան ընտանիքին պատկանող «Հոլլոուին Աութլեթ» հաստատութեան կողմէ: «Արցախի թէ՛ ՀՕՄ-ի «Սօսէ», թէ՛ այլ մանկապարտէզներու երեխաները իրենց հանդէսներուն եւ այլ հաւաքներուն պիտի կարենան հաճոյքով ծպտուիլ ու բեմ բարձրանալ», նկատեց Շաքէ Պասմաճեան:

 

Share this Article
CATEGORIES