«ԱԶԻՐԵԱՆ» ԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ. ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍԵՑԱՒ ՌՈՍՏՈՄ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Ձեռնարկին ներկաները

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 3 յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապաքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցում, որուն նիւթն էր «Ամերիկայի մէջ Հայ դատի աշխատանքները»: Զեկուցումը ներկայացուց Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի աշխատակից Ռոստոմ Սարգիսեան:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին անունով արտասանեց Խաչիկ Խաչերեան, որ ներկայացուց Ռոստոմ Սարգիսեանի հակիրճ կենսագրութիւնը:

Ապա խօսք առաւ օրուան զեկուցաբերը, որ նշեց, թէ գաղութներու ուժեղացումը կը ծառայէ Հայ դատի պայքարին եւ ի մասնաւորի Հայոց  ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն: Սարգիսեան խօսեցաւ թիւ 252 բանաձեւին մասին` շեշտելով, որ անիկա մեծ յաղթանակ մըն էր, սակայն նախագահին կողմէ «Ցեղասպանութիւն» բառին գործածութիւնը դժուար հոլովոյթ է, քանի որ այդտեղ գոյութիւն ունին Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ շահերը:

Ռոստոմ Սարգիսեան

Ներկայացնելով Հայ դատի գրասենեակին գործունէութիւնը` Ռոստոմ Սարգիսեան ըսաւ, որ Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման գծով յառաջիկային պիտի որդեգրուին նոր ձեւեր, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ արդիւնքին: Սարգիսեան հաստատեց, որ ճանաչումէն ետք անպայման պէտք է անցնիլ հատուցման հանգրուանին, ուր պէտք է գործածել արդի հաղորդակցութեան միջոցները:

Զեկուցաբերը շեշտեց, որ այս տարի Ապրիլ 24-ի օրուան զուգադիպութիւնը Ս. Յարութեան տօնին պատճառ դարձաւ, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը զուգահեռներ ստեղծէ, որպէսզի Ամերիկայի քրիստոնեայ շրջանակին մօտ տանի համապատասխան աշխատանք: Ան շեշտեց, որ այս գաղափարը բազմաթիւ եկեղեցիներու կողմէ դրական անդրադարձ ունեցաւ, ինչպէս` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդն ու Եւրոպայի եկեղեցիներու խորհուրդը, որոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Ցեղասպանութեան ճանաչման: Սարգիսեան յայտնեց, որ այս աշխատանքը պէտք է առաւել եւս ծրագրուած ըլլար, որպէսզի աւելի մեծ արդիւնք տար:

Ռոստոմ Սարգիսեան հարցումներու ընդմէջէն նաեւ խօսեցաւ Ամերիկայի մէջ լոպիինկի աշխատանքներուն, թրքական գործօնին, գրասենեակի դժուարութիւններուն, Ամերիկա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, Հայաստանի իշխանութիւններուն դերակատարութեան եւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախապատրաստման կարեւորութեան մասին:

 

Share this Article
CATEGORIES