Գերմանիա Միացեալ Նահանգներու Եւ Բրիտանիոյ Հետ Գաղտնալսման Համաձայնագիրները Չեղեալ Նկատած Է

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ իշխանութիւնները չեղեալ յայտարարած են Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ հետ բոլոր այն համաձայնագիրները, որոնք այդ երկիրներուն գաղտնի սպասարկութեանց կարելիութիւն կու տան Գերմանիոյ տարածքին լրտեսութիւն կատարել:

«Ռաշա Թուտէյ»` յղում կատարելով «Տէօչէ Վելէ»-ին, կը հաղորդէ, որ գերմանական կողմը համապատասխան փաստաթուղթերը արդէն Ուաշինկթըն եւ Լոնտոն ուղարկած է:

«Համաձայնագիրները չեղեալ համարելը պայմանաւորուած է վերջին շաբաթներուն ընթացքին տեղի ունեցած գայթակղալից բացայայտումներով: Անձնական կեանքի պաշտպանութեան հարցին մէջ ատիկա անհրաժեշտ եւ ճիշդ քայլ էր», ըսած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերֆելէ:

Նշեալ երկիրներուն միջեւ վերոնշեալ համաձայնագիրները կնքուած էին անցեալ դարու 60-ական թուականներուն, սակայն յունիսի վերջաւորութեան գերմանական լրատուամիջոցները հաղորդած էին, որ Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը ամսական 500 միլիոն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն կը գաղտնալսէ եւ համացանցով ուղարկուած հաղորդագրութիւններ կը կարդայ: Որոշ լրատուամիջոցներ կը պնդեն, որ Գերմանիոյ դաշնակցային հետախուզական ծառայութիւնը շատոնց տեղեակ եղած է իր տարածքին մէջ ամերիկեան կողմի ծաւալած գործունէութենէն:

Երկրի վարչապետ Անկելա Մերքել իր կարգին ըսած է, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան հսկում չիրականացնելու պարագային ահաբեկչութեան դէմ պայքարը արդիւնաւէտ չ՛ըլլար, ուստի որոշ պարագայի ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեանց գաղտնալսումը արդարացուած է:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )