«Նիւ Եորք Թայմզ» «Պոսթըն Կլոպ»-ը Միլիառ Տոլարի Գնելէ Ետք 70 Միլիոնի Կը Ծախէ

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը յայտարարեց, որ համաձայնութիւն գոյացուցած է «Պոսթըն Կլոպ» օրաթերթը պէյսպոլի «Ռետ Սոքս» եւ ֆութպոլի «Լիվըրփուլ» ակումբներու սեփականատէր Ճոն Հենրիի ծախել 70 միլիոն տոլարի գումարով:

Այսպիսով, «Նիւ Եորք Թայմզ» 1993-ին օրաթերթը գնելու համար իր ծախսած 1.1 միլիառ տոլարին նուազ քան 10 առ հարիւրը կը ստանայ:

Օրաթերթի նոր սեփականատէր Ճոն Հենրի յայտնեց, որ մամլոյ բազմաթիւ մրցանակներու եւ հարուստ անցեալի տէր «Պոսթըն Կլոպ»-ը երկրին ամէնէն կարեւոր լրատուամիջոցներէն մէկն է:

«Պոսթըն Կլոպ» օրաթերթը 1873-էն 1993 կը պատկանէր  Թէյլըր ընտանիքին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )