Վրաստան Ընդունած Է, Որ 5 Տարի Առաջ «Սխալ Քայլեր» Առած Է

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թիֆլիսի մէջ կը մեկնաբանեն Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի` 2008-ի օգոստոսի դէպքերուն վերաբերեալ «Ռաշա Թուտէյ»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցը:

Վրաստանի վարչապետի Ռուսիոյ հետ հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Զուրապ Ապաշիծէ յայտնած է, որ «մեր դիրքորոշումը հետեւեալն է, որ 2008-ին մենք յարձակումի զոհ դարձած ենք, սակայն դժբախտաբար այդ օրերուն նաեւ մեր կողմէ ոչ ճիշդ քայլեր կատարուած են եւ թոյլ տրուած են սխալներ»:

Ըստ անոր, ամէնէն ծանր հետեւանքը եղաւ այն, որ Ռուսիան ճանչցաւ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութիւնը, իսկ ատոր սրբագրումը մեծ ջանքեր եւ երկար ժամանակ պիտի պահանջէ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )