Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել նշեց, որ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին լուծումը ուշացած է` աւելցնելով, որ իրենք կը վստահին թուրքերուն:

ԱԶԵԶԻ մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքներուն անունով Տանիել Շաայպ յայտնեց, որ պաշտօնական լուրեր չկան Ֆիթրի տօնէն առաջ իրենց հարազատները ազատ արձակելու առումով:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու, իրաւաբան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իրենք համաձայն գտնուած են բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու, որովհետեւ այս ապակայուն հանգրուանին մերժելի է բանակին հրամանատարութեան պաշտօնը թափուր ձգել:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կը միտէր կառավարութիւնը հրաւիրել նիստի մը, նախքան Մեքքա իր մեկնումը: Կը նախատեսուի, որ այդ նիստը գումարուի Ֆիթրի տօնէն ետք:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար երէկ կոչ ուղղեց ամբողջական երկխօսութեան մը, որուն նպատակը ըլլայ Լիբանանը պաշտպանել զինք շրջապատող տագնապներէն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի Թաքուա մզկիթի իմամ շէյխ Սալեմ Ռաֆիյի իր ուխտը կատարելու նպատակով մեկնած է Մեքքա: Ըստ Ռաֆիյիի մօտիկ աղբիւրներուն, ան Սէուտական Արաբիոյ մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ երկրին գաղտնի սպասարկութեան պետ Պանտար պըն Սուլթանի հետ` քննարկելու համար Լիբանանի եւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցած է կառավարութեան կազմերու երկու տարբերակ: Կը նախատեսուի, որ այդ տարբերակները յայտարարուին Ֆիթրի տօնէն ետք:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երբեք չի փափաքիր երկարաձգել իր պաշտօնավարութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ համախմբումը տակաւին կանգուն է իր բոլոր ուժերով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլա սկսած է բացայայտօրէն կատարել լիբանանեան իշխանութեան հասնելու իր մրցակցութիւնը:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, սուրիական իշխանութիւնները Հըզպալլայի անդամներուն սուրիական քաղաքացիութիւն կը շնորհեն:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Թրիփոլիի աղբիւրներէն, նշած է, որ լիբանանեան բանակը փաստած է իր կարողութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնը հակակշռելու իմաստով:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ ինք Դիմադրութեան դերակատարութիւնը թերագնահատող մէկը չէ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ կարելի չէր լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը չերկարաձգել, որովհետեւ Լիբանան արտասովոր պայմաններ կը դիմագրաւէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանած ճառը յարանուանական էր` շրջանային մակարդակի վրայ եւ ոչ միայն Լիբանանի մակարդակին վրայ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ իրենց հիմնական հարցը ուժանիւթի նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլի հետ է եւ ոչ թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ գործող դիւանագիտական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուող ապահովական միջադէպերը պայթումի մը նախաքայլերն են:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին համաձայն, Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ նոր պատերազմի մը բռնկումին մեծ հաւանականութիւն կայ: Նոյն օրաթերթը նշած էր, որ իսրայէլացիները 2006-էն ի վեր նոր պատերազմի մը կը պատրաստուին` այս անգամ շատ աւելի քանդիչ պատերազմ մը սանձազերծելու տրամադրութեամբ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ապահովական ուժեր Քեսրուանի վիլլաներէն մէկուն մէջ գտած են ու գրաւած մեծ քանակութեամբ զէնքեր, որոնք կը պատկանէին սուրիացի աշխատաւորներու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES