Ժոմպլաթ. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արգելակող Խոչընդոտներուն Լուծումներ Կը Փորձենք Գտնել»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ «Անպա» օրաթերթին մէջ իր հրապարակած յօդուածին մէջ նշեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լուծել կարենալու համար Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտները:

Ժոմպլաթ գնահատեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը եւ ողջունեց լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու անոր պատրաստակամութիւնը` տարակարծութիւններ պատճառող թղթածրարները հանդարտ կերպով քննարկելու նպատակով:

Հակառակ զօր. Աունի հետ քաղաքական իր տարակարծութեան, Ժոմպլաթ բարձր գնահատեց նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կեցուածքը, որուն մէջ ան կտրականապէս կը մերժէր թիրախ դարձնել հանրապետութեան նախագահութիւնը:

Ժոմպլաթ դիտել տուաւ, որ Երուսաղէմի միջազգայնականացումը աւելի լաւ է եւ նախընտրելի է, որ ան ըլլայ բոլոր կրօններուն մայրաքաղաքը` միայն Պաղեստինի մայրաքաղաքը ըլլալու փոխարէն:

Ժոմպլաթ անհրաժեշտ նկատեց յիշեցնել Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ տարիներ առաջ արտասանուած ճառերէն մէկը, որուն մէջ ան կ՛ըսէ, թէ Հըզպալլա պատրաստ է լիբանանեան բռնագրաւուած հողերը, այսինքն` Մազարեհ Շեպաան եւ Քֆարշուպայի բարձունքները ազատագրելու, «եւ մենք կը զօրակցինք սէյիտ Նասրալլայի այդ կեցուածքին, ինչպէս նաեւ կ՛առաջարկենք, որ պաղեստինցիներուն ձգուի Պաղեստինի ճակատագիրին որոշումը», եզրափակեց Ժոմպլաթ:

Share this Article
CATEGORIES