«Հարիրի Հրահանգեց Զիս Հարուածել, Իսկ Աուն Սիւննի Համայնքին Դէմ Գրգռութիւններ Կը Հրահրէ» Շեշտեց Ահմետ Ասիր
Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի նախկին իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր, Ապրայի դէպքերուն աւարտէն ետք, երէկ երեկոյեան սպրդեցուց երկրորդ ձայնագրութիւն մը, որուն մէջ իր խօսքը ուղղեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի` ըսելով. «Դիմեցիր քու համայնքիդ, երբ շրջանին մէջ ձեր դրած դիմակը ինկաւ: Վերջ տուէք Պաղեստինը առեւտուրի առարկայ դարձնելու արարքին, որովհետեւ ան կ՛անիծէ ձեզ, ինչպէս կ՛անիծեն Քուսէյրը եւ Հոմսը»:
Անդրադառնալով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, Ասիր յայտնեց, որ զօր. Աուն եւ անոր դաշնակիցները կոյր գրգռութիւններ կը հրահրեն եւ ատելութիւն կը սերմանեն սիւննի համայնքին դէմ, որովհետեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի վերջ տուաւ անոր աթոռամոլութեան:
«Ինչո՞ւ զօր. Աունի փեսան` բանակի մասնայատուկ ուժերու հրամանատար զօր. Շամել Ռուքոզ Ապրայի դէպքերուն երկրորդ օրն իսկ Ապրա ժամանեց: Անշուշտ լուսարձակները իր վրայ կեդրոնացնելու եւ բանակի հրամանատար դառնալու իր ախորժակները պարզելու համար», ըսաւ Ասիր:
Անդրադառնալով իր դէմ գործադրուած հարուածին` Ասիր յայտնեց, որ Սաատ Հարիրի շաբաթներ առաջ տեղեակ էր, թէ զինք պիտի հարուածեն. ան աւելցուց, որ Հարիրի համաձայնած էր զինք հարուածելու ճակատամարտին, իսկ «երեսփոխան Պահիա Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած էր միւֆթի Սուսանի հետ եւ անկէ պահանջած չմիջամտել եւ արտօնել, որ զիս մորթեն»:

