«Պէտք Է Արդիականացնել Պէյրութի Սակարանը, Պաշտպանել Ապրանքանիշերը Եւ Կատարել Տնտեսական Երկխօսութիւն» «Վանայ Ձայն»-ին Կ՛ըսէ Շուքէյր
Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան գրասենեակի նախագահ Մոհամետ Շուքէյր «Վանայ ձայն»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն պահպանելու համար Լիբանանի դերակատարութիւնը` իբրեւ փարոս եւ դէպի Եւրոպա ու Ափրիկէ բացուող արաբական աշխարհին դարպասը:
Շուքէյր շեշտեց իր հպարտութիւնը համաշխարհային հռչակ վայելող լիբանանեան վաճառանիշերուն նկատմամբ եւ կոչ ուղղեց մշակելու այնպիսի օրէնքներ, որոնք կը պաշտպանեն լիբանանեան ապրանքանիշերը եւ կ՛ամրապնդեն լիբանանեան ճարտարարուեստը:
Շուքէյր ընդգծեց, որ նոր ըմբռնումները կը բարգաւաճեցնեն ճարտարարուեստի մարզը եւ աշխատանքի նոր առիթներ կ՛ապահովեն:
Ան նշեց, որ լիբանանցի ստեղծագործ գործատէրերը օտար երկիրներու Լիբանանի դեսպաններն են, որոնք կը շուկայադրեն համաշխարհային չափանիշերը լրացնող լիբանանեան արտադրութիւնները:
Շուքէյր անհրաժեշտ նկատեց Պէյրութի սակարանը արդիականացնելու օրէնքներ մշակել եւ զանոնք գործադրութեան դնել, որովհետեւ փոքր գործարաններով սկսած եւ ապա հսկայ գործարանատէրերու վերածուած եւ օտար երկիրներու մէջ մասնաճիւղեր ունեցած գործատէրերը խանդավառ են իրենց հաստատութիւնները բաժնետիրական ընկերութիւններու վերածելու եւ սակարանին մէջ անոնց բաժնետոմսերը օգտագործելու առումով:
Շուքէյր դարձեալ պահանջեց կատարել տնտեսական երկխօսութիւն մը, որուն մասնակցին բոլոր կողմերը, հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի: Ան կոչ ուղղեց մշակելու լիբանանեան տնտեսութիւնը փրկելու ամբողջական լուծում մը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը փրկել ընկերային տագնապէ եւ ապահովել արդիւնաբերող հաստատութիւններուն գոյատեւումը:
Շուքէյր բարձր գնահատեց սեփական մարզը եւ անոր աշխուժ գործունէութիւնն ու կարողութիւնը` հարցերուն համապատասխան լուծումներ գտնելու եւ դժուարութիւնները շրջանցելու առումով:
Շուքէյր կոչ ուղղեց ընդունելու, թէ տնտեսական տագնապ գոյութիւն ունի, որպէսզի ըստ այնմ ծրագրուին տագնապը լուծելու միջոցները: